Հինգշաբթի, 14 Մարտ 2013 - ՄԱՂԹԱՆՔ

ՄԱՂԹԱՆՔ

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը, իր նուիրապետութեամբ, կղերով , կրօնաւորական միաբանութիւններով եւ հաւատացեալներով, իր անխառն ուրախութիւնը կը յայտնէ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, անոր ընտրութեան առթիւ: Հաւատացեալներէն կը խնդրէ աղօթք բարձրացնել առ Աստուած, որպէսզի նորընտիր Քահանայապետը, որպէս յաջորդ սուրբ Պետրոսին, կարենայ արդիւնաւոր կերպով հովուել Կաթողիկէ Եկեղեցին, համամիութեան հոգիով ծառայէ քրիստոնեայ ժողովուրդին եւ համայն մարդկութիւնը, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ, սիրով առաջնորդէ դէպի խաղաղութիւն:


Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ