Չորեքշաբթի, 10 Հոկտեմբեր 2012 - Զմմառու վանքը կը մասնակցի հայկական գրադարաններու միջազգային երկրորդ համաժողովին


Երեւան

«Անցեալի պահպանութիւն` յանուն ապագայի» խորագրով հայկական գրադարաններու միջազգային երկրորդ համաժողովը սկսաւ 5 հոկտեմբերի 2012-ին, կազմակերպութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ ՀՀ Մշակոյթի նախարարութեան: Համաժողովին մասնակցեցան Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայ Եկեղեցւոյ հոգեւորականներ, որոնց շարքին էր Լիբանանի Զմմառու Տիրամօր վանքի գրադարանապետ հայր Մովսէս վրդ. Տօնանեան:

Շաբաթ, 6 հոկտեմբերին, համաժողովին երկրորդ օրը, քննարկումներուն խօսք առաւ Զմմառու Տիրամօր վանքի գրադարանապետ՝ հայր Մովսէս վրդ. Տօնանեան, Հայաստանի ազգային մանկական գրադարանի «Խնկոյ ապոր» դահլիճը:

Այսպիսով, երկրորդ անգամն է, որ Զմմառու վանքը կը մասնակցի հայկական գրադարաններու միջազգային համաժողովին։

Այժմ Զմմառու վանքը կը վերամշակէ իր գրադարանային ծրագիրը, եւ յառաջիկայ 3 նոյեմբերին ձեռագիրներու ցուցահանդէսով մը կը պատրաստուի գրադարանի նոր յարկաբաժինի բացման, որուն բացումը պիտի կատարէ ըստ մեր աղբիւրներուն, ՀՀ Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեան։

Նշենք նաեւ, թէ Զմմառու ձեռնագրատան որոշ ձեռագիրներ առաջին անգամ ըլլալով պիտի ցուցադրուին հանրութեան։ Հայաստանի մատենադարանի ձեռագրագէտ՝ Գեւորգ Տէր Վարդանեան ուսումնասիրելէ ետք Զմմառու ձեռագիրները, ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան խօսք պիտի առնէ յայտնաբերելու համար Զմմառու թագուն գանձերը։   


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ