Երկուշաբթի, 30 Յունուար 2012 - Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական պլոկը համացանցի մէջ


Պուրճ Համմուտ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի երկրորդական բաժինի խումբ մը աշակերտներ վերջերս առաջարկով մը հանդէս եկան վարժարանի ֆրանսերէն լեզուի ուսուցչուհիներէն, միեւնոյն ատեն վարժարանի ֆրանսերէն լեզուի համակարգող՝ Տիկ. Հասնա Ապու Իլիասին, համացանցի մէջ ֆրանսերէնով պլոկ մը ստեղծելու մասին։ Գաղափարը ողջունելի գտնելով, Տիկ. Ապու Իլիաս այս մասին տեղեակ պահելէ ետք վարժարանի տնօրէնին եւ անկէ ստանալով հաւանութիւն ու քաջալերանք, խումբին հետ միասնաբար լծուեցան աշխատանքի։
Վարժարանի տնօրէնութիւնը այս առթիւ հրաւիրեց վարժարանի համացանցային էջի պատասխանատու, “e-novation” ընկերութեան տնօրէն՝ Պր. Ռաֆֆի Տեմիրճեանը, որ տնօրէնին խնդրանքով եւ յանձնարարութեամբ սկսաւ համացանցի www.mesrobian.com էջին մէջ խումբին պլոկի ստեղծման աշխատանքներուն։ Տնօրէնի, համակարգող-ուսուցչուհիի, աշակերտական խումբի եւ համացանցի պատասխանատուի միջեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, Երկուշաբթի, 23 Յունուար 2012-ին, որուն ընթացքին Պր. Տեմիրճեան բացատրական աշխատանքներ տարաւ խումբի անդամներուն հետ, պլոկէն օգտուելու մասին։
Շատ արագ, համացանցի մէջ խումբին էջը, կամ ինչպէս ընդունուած է ըսել պլո¬կի էջը գործի դրուեցաւ՝ “Oflambo” անուան տակ։ Այս պլոկին անդամակցող աշակերտները առիթը պիտի ունենան շփուելու ֆրանսերէն լեզուով, արտայայտուելու, իրենց միտքերը, կարեւոր տեղեկութիւնները ֆրանսերէնով իրենց հասակակիցներուն փոխանցելու։ Ըստ ֆրանսերէն լեզուի համակարգող Տիկ. Հասնա Ապու Իլիասի, ասիկա առիթ պիտի հանդիսանայ, որպէսզի մեսրոպեանցի մեր աշակերտները, եւ ոչ միայն մեսրոպեանցիները, այլ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին անդամակցիլ այս պլոկին, կարենան ազատօրէն արտայայտուիլ ֆրանսերէն լեզուով, աւելի զօրացնելով իրենց լեզուական գիտելիքները, ինչպէս նաեւ անոր ընդմէջէն կարենան քաղել հետաքրքրական տեղեկութիւններ բազմաթիւ նիւթերու վերաբերեալ։
Մեզի կը մնայ յաջողութիւն մաղթել պլոկի հեղինակներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք պիտի անդամակցին այս պլոկին։

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ