Հինգշաբթի, 11 Փետրուար 2010 - Հ.Կ. Մեսրոպեան վարժարանի Վարդանանց տօնահանդէս

Պէյրութ, Լիբանան

Չորեքշաբթի, 10 Փետրուար 2010-ի կէսօրուան ժամը 10։30-ին, Հ.Կ.Մ.ի «Հովհ. Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի, Վարդանանց նուիրուած տօնա­հան­դէսը։
v657567

Լիբանանի եւ Հայաստանի պետական քայլերգները կատարեց վար­ժա­րա­նի երգչախումբը, որմէ յետոյ օրուան հանդիսավար երկրորդական բաժինի աշա­կերտուհի Ցոլինէ Շահինեան բեմ հրաւիրեց աւարտական դասարանի աշա­­կերտուհի Ազնիւ Վարդանեանը, արտասանելու համար բացման խօսքը։

Բացման խօսքին յաջորդեց գեղեցիկ ու հայաշունչ ոգիով պատրաստ­ուած գեղարուեստական յայտագիրը, որ կ՛ընդգրկէր երգ, պար, ասմունք, մար­տար­ուեստի պարային ցուցադրութիւն, նուագ երգեհոնի, կիթառի վրայ։

 

Օրուան պատգամախօսն էր «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանի տնօրէն, Պր. Աւօ Կիտանեան, որ խօսքը սկսելէ առաջ նախ յիշեց, որ մօտա­ւո­րա­­պէս 25 տարիներ առաջ ինքն ալ եղած է Մեսրոպեան վարժարանի աշա­կերտ եւ շրջանաւարտ եւ իր հայեցի դաստիարակութիւնը ստացած է այս կրթօ­ճա­
v535344
խին
մէջ։ Այնուհետեւ անդրադառնալով օրուան խորհուրդին, ան ըսաւ. «Այս տօ­նակատարութիւնը ազգերու պատմութեան մէջ քիչ պատահող եղե­լո­ւ­թիւն­նե­­րէն է, երբ ազգ մը դարեր յետոյ տակաւին կը յիշէ իր ժողովուրդի տարած պար­­տութիւնը՝ որով սակայն պատմութեան էջերուն մէջ կÿարձանագրէ բա­րո­յա­կան հզօր յաղթանակ։ Այս պատերազմէն մենք ունինք քաղելու երկու կարեւոր բա­ներ. նախ, որ պարտութիւնները չեն նշանակեր, որ պէտք է ընկրկինք ու փո­խենք մեր դիրքորոշումները, եւ երկրորդ՝ որ բոլոր ժամանակներուն եւ բոլոր ազ­գերու մէջ կրնան գտնուիլ նաեւ դաւաճաններ, որոնց անունը սակայն պիտի գրուի պատմութեան սեւ էջերուն մէջ»։

 

Օրուան յայտագիրը նաեւ կ՛ընդգրկէր պարգեւատրում։ Նախակրթա­րա­նի 4-6 դասարաններու աշակերտները պատրաստած էին պատի թերթեր, նուիր­ուած Վարդանանց թեմային։ Անոնցմէ լաւագոյն երեքը պար­գե­ւա­տրուե­ցան գիրքերով, որոնք յանձնեց Արհիապատիւ Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեան։ Գե­րապայծառ Հայրը իր անուանակոչութեան առթիւ վարժարանի անձ­նա­կազ­մի անունով ստացաւ գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը։


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ