Կիրակի, 13 Յուլիս 2008 - Գ.Հարպոյեան Վարժարանի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Լիբանան

 
Կիրակի, 8 Յունիս 2008-ին, Պետողլեան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Գ. Հարպոյեան մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը:
 


Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը կատարեց տնօրէնուհի՝ Ռիթա Պոյաճեանը: Ան ծնողներուն զեկուցեց. "Այսօր հաշւետուութեան օր է: Ձեր երախաները նաեւ մերն են: Անցնող ինն ամիսներուն, մեր մանկապարտէզը եղաւ անոնց երկրորդ տունը, ուր անոնք սկսան ստանալ գիտութիւն եւ դաստիարակութիւն: Հաւատալով, թէ մանկապարտէզը կրթութեան սկզբնական հանգրուանն է, եւ երեխան իր առաջին քայլերը կը նետէ լոյսի ճամբու վրայ, որ ապագային զինք պիտի հասցնէ բարձր կատարներու՝ փայլելու համար ուսման եւ աշխատանքի ասպարէզներուն մէջ: Հետեւաբար, ինչքան աշխատանքը բծախնդիր ըլլայ մանկապարտէզին մէջ եւ նուիրումը՝ մեծ, հանդէպ երախաներուն, այնքան հեզասահ կ’ըլլայ անոնց անցնելիք ճանապարհը դէպի ինքնակայացում": Տիկ. Պօյաճեանըսաւ, "Հայ աշակերտին զէնքը իր վկայականն է. հոգեկան, մտային եւ բարոյական հարստութիւնները աստուածային շնորհներով եւ գիտելիքներով կարելի է ձեռք ձգել, իսկ այս մէկը իւրացնելու համար, դպրոցական կառոյցը բաւարար չէ. մեր փոքրերուն միտքը բոցավառողն ու զանոնք պատասխանատու կեանքին մղողը ծնողքն է: Ներկայ պայմաններուն մէջ, իրաւամբ, հայ դպրոց պահելը կ’ենթադրէ բազում զոհողութիւն, յատկապէս երբ ի մտի ունենանք մեր շրջապատին մէջ գոյութիւն ունեցող այլասերման եւ օտարամոլութեան հոսանքները":

Տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց Հայր Անդրանիկ Կռանեանին, որ ընդմիշտ սատար կը հանդիսանայ վարժարանին գործունէութեանց: 

 
Բեմ հրաւիրուեցան վարժարանի տնօրէնուհին, Արհի.Հ. Վարդան Եպս. Աշգարեանը օրուան նախագահուհին եւ մանկապարտէզպանուհի՝ Տիկ. Լենա Տէրտէրեանը:
 


Իր խօսքը փոխանցելով Հայր Աշգարեան պատգամեց. «Ասոնք են մեր նոր սերունդն ու մեր նոր ապագան. հաւատացէք ինձ, իմ խօսքս սրտէս ձեզի կու •այ. Հայ մանուկը միայն հայ վարժարանին մէջ կը մեծնայ լուսաւորչին հաւատքով եւ Մեսրոպի անարատ լեզուն կը զարգանայ: Որքան ատեն, որ հայ դըպրոցը կայ, որքան ատեն որ վստահութիւն եւ հաւատք կայ հայ դպրոցին նկատմամբ, որքան ատեն որ Մեսրոպի լեզուն կը բարբառէ հայ մանուկի շուրթերուն, մենք յաւերժ ենք Արարատի նման դարերէն եկած ու դարերն •ացող»: Հայր Աշգարեան իր շնորհակալական ու գնահատական խօսքը յայտնեց տնօրէնուհի Տիկ. Պոյաճեանին, որ բծախնդիր աշխատանքով կը հետեւի դպրոցի բարգաւաճման գործընթացին:

Ծաղիկ դասարանը կատարեց «Մնաս Բարով Մանկապարտէզ» արտասանութիւնը, կոկոն դասարանը արտասանեց «Կոկոնիկ»ը, ապա ծիլ դասարանը ելոյթ ունեցաւ «Մանկապարտէզ Ես Գացի» եւ «Փոքրիկ Մանուկներ» արտասանութիւններով:

 
Հուսկ, տեղի ունեցաւ օրուան թեմային նուիրուած ներկայացումը, մասնակցութեամբ ծիլ, կոկոն եւ ծաղիկ դասարանի աշակերտներուն: Անոնք պարերով, երգերով ու արտասանութեամբ
 
միասնաբար որոնեցին անտառին մէջ կորսուած վկայականները, որոնք մեծ ճիգ խլեցին իրենցմէ եւ սորվեցան թէ ինչպէ՞ս «ջանք, աշխատանք եւ կորով» պէտք է ձգտելու համար լաւագոյնին, տիրանալու համար լաւագոյնը:

Ներկայ հանդիսատեսները դիտեցին տեսաերիզ մը, ուր ներկայացած էր մանկապարտէզի մէջ տեղի ունեցած գործունէութիւնները, որմէ ետք իրենց երգի ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ, բոլոր աշակերտները երգեցին «Հայորդիք» խմբերգը: Հանդիսութիւնը եզրաբակուեցաւ «Միասնութեան Շուրջպար»ով:
Հանդիսութիւնը աւարտին,  տնօրէնուհին բեմ հրաւիրեց բոլոր ուսուցչուհիները եւ իւրաքանչիւրին յանձնեց ծաղկեփունջեր, որոնք ցուցանիշ են յարգանքի, սիրոյ ու երախտագիտութեան:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ