Շաբաթ, 15 Մայիս 2010 - Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի յիշատակի հանդիսութիւն


Պէյրութ, Լիբանան

Ուրբաթ, 14 Մայիս երեկոյեան ժամը 8.00-ին, Աշրաֆիէի Հ.Կ.Մ.-ի «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի յիշատակի հանդիսութիւն, բարձր հովանաւորութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց եւ կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք, բացման խօսքը կատարեց Հ.Կ.Հ.Մ.-ի անունով՝ Լիւսի Տէօքմեճեան, որ ըսաւ. «Արհաւիրքի այդ օրերուն նահատակ Իգնատիոս Մալոյեան իր կեանքին գնով հերոսացաւ յանուն հայ ժողովուրդի քրիստոնէական հաւատքի ամրապնդման եւ գոյապայքարի ուռճացման», գովաբանելով երանելի Մալոյեանի քաջ եւ կայտառ տիպար անձը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ եւ Զմմառու մայրավանքին մեծաւոր Հայր Միքայէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեան, որ անդրադարձաւ երանելի Մալոյեանի խիզախ քրիստոնեայ հաւատքին եւ նուիրական հաստատ կամքին մասին: Մեծաւոր հայրը խօսեցաւ երեք կռուաններու մասին (ընտանիքը, միջավայրը եւ Զմմառու մայրավանքը), որոնք անխախտ պահեցին իր հաւատքը մինչեւ նահատակութիւնը: Ան խօսեցաւ նաեւ Մալոյեանի հովուական գործունէութեան մասին, որպէս Մարտինի թեմի առաջնորդ, ապա անդրադարձաւ իր նահատակութեան շրջանին մասին:
Հայր Միքայէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեան քաջալերեց ժողովուրդը ամրապնդելու իրենց հաւատքը, իսկ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան եւ երիտասարդներուն կոչ ուղղեց հաւատարիմ մնալու այն գաղափարականներուն, որոնց համար Մալոյեան եւ մէկուկէս միլիոն հայեր նահատակուեցան:

Գեղարուեստական բաժին ընդգրկեց՝ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի աշակերտներու եւ «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբի ելոյթներ, իսկ սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուեցաւ երանելի Մալոյեանի կեանքը: Ինչպէս նաեւ Հ.Կ.Հ.Մ.-ի ատենապետ Մարալ Աթեշեան ներկայացուց վաւերագրական ժապաւէն մը՝ սրբացման պայմաններուն մասին:

Ձեռնարկի աւարտին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը օրհնեց Մալոյեանի նուիրուած աղօթքի թղթիկները եւ պահպանիչով փակեց ձեռնարկը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ