Կիրակի, 25 Մարտ 2007 - Աւետման Անուանակոչութեան Առիթով Հոգեւոր Երգերու Համերգ

Պէյրութ, Լիբանան


Հովանաւորութեամբ Զմմառու Մեծաւոր Հայր՝ Գէորգ Թ.Ծ.Վ. Եղիաեանի եւ նախագահութեամբ՝ Մեթր. Ժագ Չուխատարեանի, Կիրակի 25 Մարտ 2007ին, երեկոյեան ժամը 7:00ին, Աւետման տօնին եւ անուանակոչութեան առիթով, Աշրաֆիէի Աւետման Սուրբ Կուսոյ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր երաժշտութեան բաձառիկ համերգ մը, կատարողութեամբ Ժաաթաուի հիւանդանոցի երգչախումբին, որ իր հիմնադրութեան օրէն (1984), հիւանդանոցի մատուռին մէջ ներկայացուցած հոգեւոր երաժշտութեան համերգներով, կը ծառայէ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու հոգեւոր կեանքի աշխուժացման եւ հոգեւոր կրթութեան զարգացման: Համերգի ծրագրին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէին Աստուածածնայ նուիրուած հոգեւոր երգերը, որոնք երգչախումբի կողքին, իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ մը իր մեներգներով ներկայացուց Աապիր Նաամէ: Երեկոն նկարահանուեցաւ "Tele Lumiere" հեռատեսիլի կայանին կողմէ, իսկ ներկաները հաճոյքը ունեցան վայելելու հոգեւոր երաժշտութեան վերացնող եւ բիւրեղացնող հմայքը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ