Հինգշաբթի, 28 Փետրուար 2013 - Բենեդիկտոս ԺԶ.-ի քահանայապետութեան վերջին օրը

Վատիկան

Հինգշաբթի 28 փետրուար 2013-ը պատմութեան էջերուն մէջ կ'արձանագրուի որպէս Եկեղեցւոյ ժամանակակից պատմութեան կարեւոր էջերէն մին: Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը, որ 2005-ի 19 ապրիլին Սուրբ Պետրոսի յաջորդ ընտրուած էր, կը հրաժարի իր գահէն եւ կը շարունակէ իր սատարը տալ Եկեղեցւոյ` աղօթքի եւ խորհրդածութեան կեանքով։

Անցեալ 11 փետրուարին կարդինալական դասի հետ հանդիպումի մը ընթացքին, Բենեդիկտոս ԺԶ.  յայտնած էր իր որոշումը` «թողուլ Սուրբ Պետրոսի Աթոռը, տարիքի բերումով եւ ուժերու նուազումի հետեւանքով»։ Որոշում մը, որ յանկարծակի բերաւ համայն աշխարհը եւ ցնցեց հաւատացեալներու սրտերը։ Սակայն Սուրբ Պետրոսի յաջորդ` Բենեդիկտոս ԺԶ.-ը անգամ մը եւս, իր հայրական բարձր ու խոր իմաստութեամբ, կարողացաւ հանդարտեցնել խռոված մտքերը, բոլորին ապահովցնելով թէ Եկեղեցին կառավարողը նոյնինքն Քրիստոսն է, եւ Ան երբեք պիտի չթողու զայն իր ճակատագրին։

11 փետրուարը յաջորդող` զանազան հրապարակային հանդիպումներուն ընթացքին արտասանած խօսքերուն մէջ, Բենեդիկտոս ԺԶ. հաւատացեալներէն խնդրեց որ աղօթեն իրեն, Եկեղեցւոյ եւ նոր քահանայապետին համար, մատնանշելով թէ քահանայապետութեան շրջանի աւարտին, ինք պիտի ապրի ծածուկ կեանք մը, հեռու աշխահէն, բայց մօտիկ բոլորին` աղօթքի միութեամբ։

7 տարի 10 ամիս եւ 9 օր տեւող քահանայապետութեան ընթացքին Բենեդիկտոս ԺԶ. քաջութեամբ եւ իմաստութեամբ առաջնորդեց Եկեղեցին, հակառակ խոչընդոտներուն եւ դժուարութիւններուն, որոնց հանդիպեցաւ եւ իր հրաժարականի որոշումով` ցոյց տուաւ իր հոգիին հեզութիւնն ու վեհանձնութիւնը, եւ նաեւ` հոգեւոր խոր համոզումը, թէ ինք պարզ գործիք մըն է Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ։

Ան որպէս եպիսկոպոսական նշանաբան ընտրած էր «ճշմարտութեան աշխատակից» կարգախօսը, որ զինք ուղղեց գիտակցելու թէ ժամանակը հնչեց հանգչելու եւ Սուրբ Պետրոսի նաւին ղեկը յանձնելու ուրիշին, մինչ ինք` կը քաշուի եւ կը շարունակէ ծառայել Եկեղեցւոյ, աղօթքի եւ ամփոփումի կեանքով։

Ես չեմ դառնար «անհատական կեանքի» -ըսաւ Ան չորեքշաբթի օրուայ վերջին հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին - չեմ թողուր խաչը - այլ տարբեր ձեւով կը մնամ խաչեալին մօտ։ Չունիմ այլեւս Եկեղեցին կառավարելու իշխանութիւնը, բայց կը մնամ աղօթքի ծառայութեան մէջ։

Ան ապա աւելցուց «Աստուած է որ կ'առաջնորդէ իր Եկեղեցին եւ թիկունք կը կանգնի անոր միշտ, մանաւանդ դժուար պահերուն։ ...Մեր սրտերուն մէջ թող միշտ ներկայ ըլլայ ուրախալի այն վստահութիւնը թէ՝ Տէրը մեզի մօտիկ է, մեզ չի լքեր, ու մեզ իր սիրով կը պարուրէ։

Իտալացի լրագրող Մարքօ Թոզաթթի, իր մէկ գրութեան մէջ, կը հաստատէ թէ 28 փետրուարին վերջ կը գտնէ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի քահանայապետական ժամանակաշրջանը, ընգծելով թէ Բենեդիկտոս ԺԶ.-ը այդ քահանայապետութեան շարունակականութիւնը եղած է, եւ երկուքը միասին Եկեղեցին ղեկավարած են եւ առաջնորդած դէպի 3րդ հազարամեայի սեմին։

Յարգանք ու աղօթք հեզ ու վեհանձն քահանայապետին։
Բարի երթ Բենեդիկտոս ԺԶ. Աղօթքի միութեամբ։

http://hy.radiovaticana.va/news/2013/02/28/%D5%BA%D5%A5%D5%B6%D5%A5%D5%BF%D5%AB%D5%AF%D5%BF%D5%B8%D5%BD_%D5%AA%D5%A6.-%D5%AB_%D6%84%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%B6%D5%A1%D5%B5%D5%A1%D5%BA%D5%A5%D5%BF%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%A5%D5%A1%D5%B6_%D5%BE%D5%A5%D6%80%D5%BB%D5%AB%D5%B6_%D6%85%D6%80%D5%A8%D6%89_/arm-669024


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ