Շաբաթ, 24 Մայիս 2008 - Դեսպան Տէր- Ղեւոնդեան Հրաժեշտի Այցելութիւն Տուաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

 

Պէյրութ, Լիբանան

Շաբաթ՝ 24 Մայիս 2008ին կէսօրէ առաջ ժամը 10:30ին, Հայաստանի դեսպան Վահան Տէր-Ղեւոնդեան, իր պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանի աւարտին առիթով, այցելութիւն մը տուաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ:

Տեսակցութեան ընթացքին դեսպան Տէր-Ղեւոնդեան գոհունակութիւն յայտնեց իր պաշտօնավարութեան երկու տարուայ ժամանակաշրջանին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին հետ ունեցած փոխադարձ գործակցութեան եւ սերտ յարաբերութեան համար, որ նաեւ իրեն առիթը ընծայած էր անցեալ Փետրուարին ճամբորդել Հռոմ, ներկայ գտնուելու Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի անուան Հրապարակի  բացման եւ օրհնութեան արարողութեան նախագահութեամբ Ն.Ս. Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին:

Հանդիպման աւարտին Ամեն. Հոգեւոր Տէրը դեսպանին մաղթեց յաջողութիւն յառաջիկային ստանձնելիք իր պարտականութեանց մէջ:

Դիւան
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ