Երեքշաբթի, 17 Յունիս 2008 - Հայաստանի Նորանշանակ Հաւատարմատարը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Պէյրութ, Լիբանան
 

 
Երեքշաբթի՝ 17 Յունիս 2008ին, կէսօրուան ժամը 12:00ին,  Հայաստանի նորանշանակ հաւատարմատար Ռուբէն Խարազեան այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ.Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական Թեմի Փոխանորդ՝ Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեան, Պատրիարքութեան Օգնական եպիսկոպոս՝ Արհիապատիւ Տէր Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան, «Մասիս» ամսաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ գերյ. Հայր Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեան եւ ժողովրդապետ հայրեր:

Ծանօթացման բնոյթի այս հանդիպումին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ողջոյնի խօսքերէն ետք, խօսակցութիւնը շարունակուեցաւ ջերմ ու սիրալիր մթնոլորտի ներքեւ եւ շօշափեց  Հայաստան-Լիբանան, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ծրագիրները:

 
Խարազեան ընդարձակ լուսաբանութիւններ փոխանցեց հայկական հպատակութեան, Արցախի շուրջ բանակցութեանց գործընթացի եւ հայրենական կեանքի զանազան երեսներու
 
մասին:

Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հայաստանին եւ հայկական դեսպանատուներուն հանդէպ Հայ Կաթողիկէ Համայնքին կողմէ ցուցաբերած զօրակցութեան մասին:

Հանդիպման աւարտին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յաջողութիւն մաղթեց հաւատարմատարին իր ստանցնած պաշտօնին մէջ եւ իր կարգին վստահեցուց որ այդ զօրակցութիւնը երբեք պիտի չպակսի:

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ