Չորեքշաբթի, 16 Յուլիս 2008 - Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի Առաքելական Ճամբորդութիւնը Աւստրալիա

 
Սիտնի, Աւստրալիա
 

Սիտնի քաղաքը տօնական մթնոլորտ ապրեցաւ որովհետեւ  էր այս տարի Սիտնիի մէջ տեղի ունեցաւ Երիտասարդներու Համաշխարհային 23րդ Օրուան տօնախմբութիւնները:

Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան խաչը 12 Յուլիսին Սիտնի հասաւ տասնեակ հազարաւոր քլիոմեթրեր կտրելէ ետք:

13 Յուլիս 2008ին, Աւստրալիան ընդունեց Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը: Աւստրալիացիները եւ համայն աշխարհէն եկած ուխտաւորները գրաւեցին Սիտնի քաղաքը, որուն կեդրոնը զարդարուած է կարմիր, նարնջագոյն եւ դեղին գոյներով:

 
15 Յուլիսին, Երիտասարդութեան Համաշխարհային 23րդ Օրուան տօնակատարութիւնը սկիզբ առաւ հանդիսաւար պատարագով: Սիտնիի առաջնորդ Ճորճ Փէլ իր քարոզին մէջ ըսաւ‏, «Քրիստոս իրեն կը կանչէ բոլոր անոնք որոնք կը տառապին, ոչ միայն կաթողիկէները եւ քրիստոնեաները, այլ մասնաւորապէս անոնք որոնք անկրօն են»: Սրբազան արարողութիւնը սկսաւ 168 երկիրներու դրօշակներու տողանցքով, ապա անոր յաջորդեց Ս. Աւետարանի թափօրը: Պատարագի ընթացքին զանազան լեզուներով աղաչանքներ կարդացուեցան եկեղեցւոյ միութեան, աշխարհի խաղաղութեան, բարոյապէս եւ նիւթապէս աղքատներու համար, ինչպէս նաեւ հաւատքի նահատակներու եւ երիտասարդութեան հաւատքի աճման եւ հզօրացման համար: Կարտ. Փէլին հետ համապատարագեցին 30 կարտինալներ եւ 300 եպիսկոպոսներ: 

3 օրուայ հանգիստէն ետք հոգեւոր կրթութեան կեդրոնի մը մէջ, 17 Յուլիսին Նորին Սրբութիւնը պաշտօնապէս սկիզբ տուաւ առաքելական
 
ճամբորդութեան՝ տեսակցութիւններ ունենալով երկրի պետական եւ եկեղեցական իշխանութիւններու հետ: Սրբազան Քահանայապետը պաշտօնապէս ընդունուեցաւ երկրի կառավարչին պալատին մէջ առաւօտեան ժամը 9:00ին: Իր արտասանած առաջին ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ.«ուրախ եմ Աւստրալիոյ մէջ տօնախմբելու երիտասարդութեան 23րդ օրը, քանի որ
 
Աւստրալիոյ եկեղեցին բոլոր ցամաքամաներու ամենէն երիտասարդ եկեղեցին է եւ ամենէն բազմացեղայինը»: Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը ըսաւ թէ կաթողիկէ հասարակութիւնը Աւստրալիոյ մէջ կը շարունակէ բերել իր սատարը մասնաւորապէս դաստիարակութեան ու առողջապահութեան մարզերուն մէջ: Արարչագործութեան սքանչելիքները մեզ կը կանչեն պահպանելու բնութիւնը եւ իմաստութեամբ մատակարարելու հողին բաիքները: «Այդ ուղղութեամբ կը նշմարեմ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, «թէ Աւստրալիան լրջօրէն ու յանձնառումով կը գործէ բնապահութեան ի խնդիր»: Ան ապա մատնանշեց թէ Աւստրալիոյ մէջ կ՛ապրին զանազան կրօններու պատկանող համայնքներ: «Այս բոլորը բարեբեր առիթ մըն է զարգացնելու համամիութենական երկխօսութիւնը եւ ուրախ եմ իմ այս կեցութեան ընթացքին հանդիպում ունենալու կրօններու ներկայացուցիչներու հետ, քաջալերելու այս երկխօսութիւնը ճշմարտութեան ու սիրոյ մէջ»: Շարունակելով, Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ, « Ես ձեր մէջ կը գտնուիմ հանդիպում ունենալու աշխարհի զանազան երկիրներէ եկած երիտասարդներու հետ: Կ՛աղօթեմ Սուրբ Հոգւոյն որպէսզի իջնէ այս երկրի վրայ ու բարենորոգէ անոր բնակիչները:
 
Թո‏‏‏‏ղ Ս. Հոգին իմաստութիւն տայ երիտասարդներուն լաւագոյն ճամբան ընտրելուն համար: Սիրեցեալ Աւստրալիացի բարեկամներ, անգամ մը եւս շնորհակալ եմ ձեր ջերմ հիւրընկալութեան համար: Թող Տէրը օրհնէ ամէնքդ: Օրհնէ ուխտաւորները եւ երկրի բնակիչները»:

 
Բենե‎դիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայպետը երիտասարդներու հետ հանդիպումէն առաջ այցելեց Երանուհի Մէրի Մաքքիլօփի սրբավայրը, որ ներկայիս ուխտավայր եղած է բոլոր Աւստրալիացիներուն: Երանուհի Մաքքիլօփ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է ի սպաս աղքատներուն եւ անգրագէտներուն: 

Ս.Քահանայապետի Երիտասարդութեան Համաշխարհային 2-րդ օրը սկսաւ Ս. Պատարագի մատուցումով: Ապա Սրբազան Հայրը յաջորդաբար ընդունեց Սիտնիի կառավարիչը, քաղաքապետը եւ անոնց ընտանեկան պարագաները: Իսկ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ համամիութենական հանդիպում քոյր եկեղեցիներու հետ: Եկեղեցւոյ կից գտուող սրահին մէջ, Սրբազան Պապը ընդունեց զանազան կրօնններու ներկայացուցիչները: Յետմիջօրէին, Արբազան Քահանայապետը գլխաւորեց ճանապարհ խաչի բարեպաշտութիւնը, իսկ երեկոյեան Յիսուսի Ս. Սրտի նուիրուած մատրան մէջ հանդիպում ունեցաւ անկար երիտասարդներու հետ: 

Երիտասարդները յաճախ կ‏’ոգեկոչեն Երիտասարդներու Համաշխարհային Օրը որպէս իրենց հաւատքի կեանքին կարեւոր մէկ դէպքը: Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը եղաւ նախաձեռնողը եւ հեղինակը այդ օրուան եւ եթէ երիտասարդները կը շարունակեն մեծ թիւով մասնակցիլ այդ օրուան, կը նշանակէ այդ օրը այլեւս իր բնականոն ընթացքին մէջն է:
           
    


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ