Հինգշաբթի, 17 Մարտ 2011 - Յուշահանդէս նուիրուած սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց, Հալէպ

 

Հալէպ

 

Կիրակի
6 Մարտ 2011-ի երեկոյեան ժամը 7-ին Հայ Կաթողիկէ սուրբ Երրորդութիւն (Զուարթնոց) եկեղեցւոյԱղաճանեան սրահէն ներս, հովանաւորութեամբ` հայ երեք հոգեւոր պետերու ոգեկոչուեցաւ սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց յիշատակը:

Օրուայ հանդիսավար՝ Մարալ Աբրիկեան բացման խօսքի համար բեմ հրաւիրեց Վեր. Յարութիւն Սելիմեանին համայնքապետ Սուրիոյ հայ աւետարանական Եկեղեցւոյ, որը հակիրճ ձեւով անդրադառձաւ Վարդանանց Ճակատամարտի տուն տուող պատճառներուն` հայ նախարարներու տարակարծութիւններուն, որոնք երկիրը հասցուցած էին պարակտման եզրին Հայաստանի աշխարագրականօրէն բաժնուածութեան եւ այլ պատճառներուն, որոնք թուլացուցած էին Հայաստան աշխարհը:

Սակայն Վարդանանց քաջերը իրենց արիութեամբ, միահամուր ճիգերով, հաւատքի եւ հաւատարմութեան խոստումով, հզօր ճակատ ստեղծեցին յանուն գոյութեան եւ պահպանութեան, ըսաւ եւ եզրափակեցՍոյն ճակատամարտով քրիստոնէութիւնը նուիրագործուեցաւ հայոց լեռնաշխարհի մէջ եւ շաղկապող օղակը հանդիսացաւ 5-րդ եւ 21-րդ դարու ստեղծագործ հայ մարդու միջեւ”:

Ապա գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրը ընդգկեց հերթաբար դաշնամուրի վրայ` Օր. Սալամ Մուսա Օղլի նուագներ (Etude en Mi mineur եւ Polka Opus 57, Chopin), եւ ասմունք` “Վարդանանք կատարեց Օր. Նանոր Մինասեան։

Այնուհետեւ իր սրտի խօսքը փոխանեցեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. տէր Շահան եպս. Սարգիսեան, սրբազան հօր ոգեշնչող ճառը կլանեց դահլիճը կատարելով Վարդանանց ճակատամարտի լիարժէք գնահատումը։ Սրբազան հայրը անդրադառձաւ Վարդանանց 1036 նահատակ սուրբերու 16 դար ետք ունեցած պատքամին ուղղուած հայ ժողովուրդին եւ համայն մարդկութեան ըսելովՅանուն հաւատքի ու հայրենեաց մարտնչող ոգին անպարտելի է եւ ոչ մէկ գերարդիական զէնք ի վիճակի է այն սասանել: Սրբազան հայրը վերանորոգ ուխտով եզրափակեց խօսքը ըսելով.1036 նահատակներուն առջեւ կուխտենք հաւատարիմ մնալ մեր ազգային արժէքներուն` հայրենիքին, կրօնքին, լեզուին եւ մշակոյթին”:

Առաջնորդ հօր սրտի խօսքէն ետքը Քառեակ Քուարդէտը յաջորդաբար ներկայացուցՀայրապետական Մաղթանք եւՀայր Մեր”-ը, որ կատարեցին՝ առաջին ջութակ` Յովհաննէս Մուպայէտ, երկրորդ ջութակ` Շանթ Դանիէլեան, Թաւ ջութակ` Յարութ Գազանճեան, Վիոլա` Վիգէն Սարգիսեան։

 

Օրուան
պատգամը փոխանցեց հայր Եղիշէ վրդ. Ճէնճին, որը ողջունելէ ետք ներկաներուն հնչեցուց այն միտքը թէՎարդանանց եւ Ղեւոնդեանց Անոնք խտացումն են մեր եկեղեցական ու ազգային պատմութեան: Ներշնչարանն են մեր անկորնչելի արժէքներուն ու մշակոյթին: Իսկ մենք, երբ ամէն տարի խրոխտօրէն ու հպարտօրէն կը հաւաքուինք ողջունելու համար Ղեւոնդեանքն ու Վարդանանքը, յիշակատ մը կատարելու համար չէ, ոգեկոչում մը ապրելու համար չէ, աւանդութիւն մը յայտնելու համար չէ: Այլ` որպէս հաւաքականութիւն, որպէս կղերական դաս եւ որպէս հաւատացեալ ազգայիներ` կը համախմբուինք նախ լիցքաւորուելու Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց գաղափարականներով, ապա բարձրանալու եւ բարձրացնելու մեր գիտակցութիւնը խաւարայինէն անորոշութեան դէպի ազգին եւ ինքնութեան բարձրագոյն գիտակցութեան: Ան ընդգծեց նահատակութեան իմաստըՎարդանանք՝ Վարդան Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ, 451 մայիս 26-ին, Կուր գետի ափին, Աղուանից երկրին մէջ ինկան քաջի, հերոսի, նահատակի մահով, 1036 հոգիով։ Եւ որովհետեւ անոնք կը մարմնացնէին հայութեան ամէնէն ազնիւ զգացումները, ազնիւ տենչերն ու ապրումները, ազգային ոգին ու սրբութիւնները, ժառանգեցին քաջի, հերոսի, նահատակի անթառամ դափնին իրենց ճակտին, սրբութեան յաւերժական լուսապսակը իրենց գլխուն։ Դարերը անցան, բայց իրենք ապրեցան ու ապրեցուցին։ Դարերուն հետ քալեցին եւ դարերուն խաւարն ու մշուշը փարատեցին իրենց լուսեղէն փառապսակով։ Սերունդները ներշնչեցին, սերունդներուն հաւատքի բոց, քաջութեան կրակ, հերոսութեան ոգի տուին եւ անոնց սրտերուն ու հոգիներուն մէջ ապրեցան։ Իսկ հաւատուրաց ու դաւաճան Վասակ Սիւնի, երկրային բարիքներու, փառքի ու պաշտօնի սին պարտադրանքներու եւ դաւաճանութեան պատճառով, ունեցաւ ամէնէն արգահատելի վախճանը եւ ի՛ր իսկ ձեռքով յաւերժական նզովքի խարան դրաւ իր անուան եւ յիշատակին՝ նզովքի առարկայ դառնալով հայ նորահաս սերունդին։

Ահա թէ ինչո՛ւ Աւարայրը դարձաւ մեր գոյութեան ու գոյատեւման կռիւը, մեր հայրենի հողին վրայ մեր հաւաքական լինելութեան եւ ազգային ինքնորոշման պայքարը, հայու արդար եւ անլռելի պահանջատիրութեան հաւատամարտը։

Վարդանանց ճակատամարտէն ժառանգուած արժէքներու շուրջ յիշեցնելով աւելցուց. Կուզեմ անդրադառնալ այն ժառանգին մասին, որ դարեր առաջ ապրեցան մեր նախնիները, անգնահատելի ժառանգը, որուն արժանաւոր տէրերը կը հանդիսանանք մենք: Բարոյական, ազգային ու հոգեւոր ժառանգ, որ մեզ կը դարձնէ ոչ միայն գիտակից պահապաններ, այլեւ արժեւորներ, ու յատկապէս խիզախ զարգացողներ: Արդեօք քսանմէկերորդ դարու ժառանգորդներս Բերիոյ քաղաքին մէջ, ինչպէ՞ս կապրինք մեր այս գիտակցութիւնը այլ ազգերուն եւ մեր անձերուն առջեւ: Որո՞նք են մեր հաւաքական կէտերը, որոնք կը միացնեն մեզ այլազան ուժերուն դիմաց: Որո՞նք են այն կէտերը, որոնք կը դրոշմեն մեր քայլերը սոյն քաղաքի մէջ՝ ըլլան մշակութային, բարոյական կամ եկեղեցական մարզերուն ու բնագաւառներուն մէջ: Կուսակցութի՞ւնն է մեզ բաժնողը, կամ դաւանա՞նքն է, եթէ քաջ Վարդանները ապրին մեր մէջ, այսօր արդեօք ի՞նչ պիտի ըսեն մեր բաժանումներուն մասին”:

Մեր պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները յիշեցնելով եզրափակեց խօսքը.ամէն տարի այսօր, սուրբ Վարդանանց ոգեկոչման տօնին, հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներս ի սփիւռս աշխարհի, ազգային-կրօնական, պարտք ունինք, պարտաւորութիւն ունինք հաւատարմութիւն ուխտելու նոյն այդ հաւատքին եւ անոր մէջ սկիզբ ու ծնունդ առած հայ ազգային բոլոր սրբութիւններուն ու մշակութային արժէքներուն, հայոց լեզուի ու պատմութեան, հայ ազգին ու հայ արիւնին: Պարտաւորութիւն ունինք մեր ուխտը մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ արտայայտելու գործնականապէս, թանձրականօրէն` ճշմարիտ ապրումին վերածելով Սուրբ հաւատքը Քրիստոսի, կտակը Վարդանանց, խորհրդանիշը մեր ազգային գոյութեան եւ գոյատեւման: Վարդանանց տօնը սոսկ տօնակատարութիւն մը չէ, այլ` խթան վերածնունդի”:

Գեղարուեստականի եզրափակիչ ելույթը ունեցան սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյԱլեմշահ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ` տիկ. Մարգարիտ Խաչատրեան-Պանտակի որոնք կատարեցին՝Նորահրաշ Պսակաւոր, Ով Հայկազունք, Բամբ Որոտան եւՁօն Վարդանին”:

Փակման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ արհի. տէր Պետրոս արք. Միրիաթեան ըսելով. “Երկրագունդիս վրայ չկայ ժողովուրդ մը, որ 1560 տարիներ շարունակ յիշատակէ այսպիսի հերոսամարտ մը: Ան ուզեց, որ ի հակադրութիւն պատմական վերիվայրումներու հետեւանքով ձուլուած եւ կորչած ժողովուրդներու ճակատագրին, հայ ժողովուրդը, շնորհիւ Վարդանանց (ասպետներու արիութեան) դիմագրաւեց թշնամիի ոտնձգութիւններուն եւ յաղթեց “Վարդանանք ինկան բայց ազգը մնաց անսասան ըսելով եզրափակեց իր խօսքը գերապայծառ Տէրը:

ՈգեկոչումըԱլեմշահ երգչախումբիՀայր Մեր-ի երգեցողութեամբ աւարտուեցաւ:

 

 

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ