Չորեքշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2011 - Թարգմանչաց տօնակատարութիւն Գ. Հարպոյեան վարժարանէն ներս


Զալքա, Լիբանան

Թարգմանչաց տօնը հայկական աւանդական եւ կարեւորագոյն տօներէն մին կը համարուի, որ 1600 տարիներէ ի վեր կը յիշատակուի հայկական գաղութներէ ներս, ուր վեր կ’առնուի հայ գիրերու գիտարարին, հայ թարգմանչական աշխատանքներու հիմնադիրին ու հայ առաջին ուսուցիչին՝ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի աննախընթաց կատարելագործութիւնը:
Արդարեւ, այս իւրայատուկ առիթը մեր վարժարանէն ներս եւս նշուեցաւ Ուրբաթ, 21 հոկտեմբեր 2011-ին: Լիբանանեան եւ հայաստանեան քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ 11-րդ դասարանի աշակերտուհի Մեղեդի Մինասեան, որ յիշելէ ետք տօնակատարութեան առիթը, կոչ ուղղեց իր հասակակիցներուն եւ բոլոր աշակերտներուն, որ □այսօր, թարգմանչաց խորհուրդն է ապրիլ որպէս հայ, հայ մնալ եւ ապրիլ հայօրէն համաշխարհայնացման այս աշխարհին մէջ□:
Յայտագրին առաջին բաժնով բեմ բարձրացան Մանկապարտէզի խումբ մը աշակերտներ, որոնք իրենց անմեղունակ շրթներով եւ մանկական քաղցր հինչիւններով երգեցին «Դպրոցին Մէջ Կը Սորվինք» երգը, որուն բառերուն հեղինակն է Երեւանի Պետական Մանկավարժական Համալսարանի դասախօս՝ Դոկտ. Փրո‎ Ճուլիեթա Կիւլամիրեան, որ ներկայ էր այս հանդիսութեան: Նշենք, որ Դոկտ. Կիւլամիրեան Լիբանան հրաւիրուած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Կեդրոնին կողմէ: 
Բանաստեղծական զանազան հատուածներով ելոյթ ունեցան 3-րդ, 4-րդ, 5-րդ եւ 7-րդ դասարանի աշակերտները, որոնք հայ լեզուին նուիրուած քանի մը քերթուածներով լուսարձակի տակ առին մեր մայրենի լեզուին արժէքը, այն թանկագին լեզուն, որ «սուրբ հացն է, մեր սեղանին աղն է, մեր էութեան խորհուրդն է, մեր արիւնն է, բուրմունքն ու բոյրն է»:
Յայտագրին մէջ բաժին ունեցան նաեւ դպրոցին պարախումբը՝ նազ պարով մը, 7-րդ դասարանի աշակերտներ՝ Գէորգ Ներսէսեանի (ջութակ) եւ Անի Այրանեանի (դաշնամուր) անջատաբար նուագներով, եւ 7-րդ դասարանի «Այբուբեն Հայոց» խմբային երգով:    
Գեղարուեստական յայտագրին ընթացքին բեմ հրաւիրուեցաւ նաեւ օրուան պատգամախօս՝ Տիար Խաչիկ Տէտէեան, որ հեղինակ է բանաստեղծական կտորներու, աշխատակցած է գաղութիս  թերթերուն եւ պարբերաթերթերուն, եւ այժմ կը վարէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դիւանապետի պաշտօնը: Բանախօսը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ, որ «իւրաքանչիւր ժողովուրդի պատմութեան մէջ կան վճռորոշ եւ շատ կարեւոր թուականներ ու դէպքեր, որոնք որոշած են այդ ժողովուրդին ներկան ու ապագան: Այդ տօներէն մէկն է Թարգմանչաց տօնը՝ Մեսրոպի Մաշտոցի, Սահակ Պարթեւի եւ անոնց ընկերակիցներուն միացեալ աշխատանքը՝ հայ այբուբենի գիւտին եւ թարգմանչական աշխատանքներուն գծով»: Բանախօսը, նշելով «Ճանաչել զիմաստութեւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ» թարգմանուած առաջին նախադասութիւնը, շեշտը դրաւ գիրերու գիւտի եւ թարգմանութեան ունեցած անհրաժեշտութեան վրայ, զանոնք համարելով հայ ժողովուրդին «զօրաւոր զէնքը», որուն միջոցով ընթացք առած է մատենագրութիւնը, որ իր կարգին տեղ տուած է դպրոցներու հաստատման: Պր. Տէտէեան վեր առաւ հայ դպրոցին կարեւորութիւնը, որուն գլխաւոր առաքելութիւնն է «հայ սերունդները հայ պահել, զէնք ունենալով Մեսրոպեան գիրը, որ մեր գոյութեան եւ էութեան հիմնական սիւներէն մին է»: Ան եզրափակեց շեշտելով հայ եկեղեցւոյ եւ հայ դպրոցին դերը, որ հաւատքի եւ լեզուի անփոխարինելի հիմնաքարերն են:
Վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկին Ռիթա Պոյաճեան հուսկ բանքով շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան պատգամախօսին եւ վստահեցուց, որ «այսօրուան պատգամը շատ բան փոխանցեց մեր աշակերտներուն, որոնք Մեսրոպ Մաշտոցի ոգիով ներշնչուած տուն պիտի վերադառնան»: Տիկին Պոյաճեան իր կարգին անդրադարձաւ մեր Մեծն Մեսրոպ Մաշտոցի՝ գիրերու գիւտին եւ հայ լեզուին ու գրականութեան հիմնադիրը ըլլալու փրկչական աշխատանքին, որ մեր ազգային դիմագիծը կերտած է,  եւ այս առիթով կոչ ուղղեց բոլորին՝ որ Մաշտոցի անմար ջահը փոխանցուի սերունդէ սերունդ, որուն վեհ պարտականութիւնը արդէն կը կատարեն մեր հայ վարժարանները: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Կեցցէ՛ք դուք, որ հայկական վարժարան կը յաճախէք»:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԳԷՈՐԳ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ          

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ