Երեքշաբթի, 3 Յունիս 2014 - Հաղորդագրութիւն


Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, որ Հայաստան մեկնած էր, որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի անդամ մասնակցելու համար սոյն յանձնաժողովի չորրորդ նիստին, որ կայացաւ 27 մայիսին, իր նստավայրը վերադարձաւ ուրբաթ, 30 մայիսին: Անոր կ'ընկերանար գերապատիւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան: 100-րդ տարելիցի նիստէն առաջ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը՝ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց  եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետներուն հետ հանդիպում մը ունեցաւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ՝ վերջինիս հրաւէրով: 100-րդ տարելիցի միջոցառումներու գործողութիւններուն ժամանակացոյցը եւ ռազմավարութիւնը յստակացնելու նպատակով՝ պետական յանձնաժողովի  ընդլայնուած կազմով  գումարուած նիստին իր խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը: Նիստի աւարտին տեղի ունեցած ընթրիքին մասնակցեցան ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, Իրանի եւ Յունաստանի առաջնորդ գերապայծառ Նշան արք. Գարաքէհէեան եւ գերապատիւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան։

ՀՀ Նախագահին հրաւէրով, ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը,  Մայիսի 28-ին մասնակցեցաւ Սարդարապատի հերոսամարտի յուշակոթողին ծաղկեպսակներու զետեղման,  Հանրապետութեան տօնին նուիրուած տօնակատարութեան, մշակութային միջոցառումներուն, ապա Սարդարապատի յուշահամալիրի հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարանին մէջ  տեղի  ունեցած  պարգեւատրման արարողութեան։ Միեւնոյն օրը, երեկոյեան, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը գնաց Կիւմրի, ուր Տիրամայր Հայաստանի եկեղեցւոյ մէջ մատուցանեց սուրբ Պատարագ, որուն մասնակցեցաւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը: Երեւան վերադարձին, ան յաջորդաբար այցելեց ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեանին հետ, Լիբանանի դեսպանատուն եւ հանդիպեցաւ դեսպան Ժան Մաքարոնին հետ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ տեսակցեցաւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ: Հոգեւոր Տէրը այցելեց նաեւ Մաշտոցի անուան Մատենադարան, ապա Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն, ուր տեսակցութիւն ունեցաւ նախարար Եդուարդ Նալպանդեանին հետ: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Հայաստան չորսօրեայ այցելութիւնը աւարտեց ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ հանդիպումով մը նախագահական պալատին մէջ: Հանդիպումներուն ընթացքին ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ուղեկցեցան Հայաստանի, Վրաստանի եւ արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդի տեղապահ գերյարգելի հայր Մեսրոպ ծ.վ. Սիւլահեան եւ գերապատիւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան։

Պէյրութ, 1 յունիս 2014       
Դիւան հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ