Երեքշաբթի, 16 Օգոստոս 2011 - Մուրատեան եպիսկոպոսը կը պատարագէ Վերափոխման տօնին Այնճարի մէջ


Այնճար

Կիրակի, 14 օգոստոս 2011, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, արհի. հայր Միքայէլ եպս. Մուրատեան պատարագեց Այնճարի Վարդարանի Աստուածածնայ ժողովրդապետական եկեղեցւոյ մէջ, ուր տեղի ունեցաւ նաեւ խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւն։ Գերապայծառ հայրը իր խօսքին մէջ յայնտեց որ Աստուածածինը օրինակ էր Աբրահամի սերունդի հաւատքին եւ ժառանգորդն էր երկնքի արքայութեան։ Մեզի համար Մարիամ տիպարն է այս հաւատքին: Ան նաեւ ըսաւ որ հայերը ուր որ ալ գտնուած են, Վերափոխման տօնը մեծ շուքով տօնած են։

Նշենք, որ գերապայծառ հայրը գալ կիրակի 21 օգոստոս առաւօտեան 10.30-ին իր պատգամը պիտի փոխանցէ հայրապետական սուրբ Պատարագին ընթացքին Զալքայի սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ: 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ