Ուրբաթ, 13 Յուլիս 2007 - Վանք Փոխման Սրբոց Կուսին Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութիւն

Զմմառ, Լիբանան

Զմմառու Պատրիարքական միաբանութեան վարչութիւնը կը հաղորդէ հանրութեան, թէ անոր 2007ի Ընդհանուր Ժողովը պիտի սկսի 19 Յուլիսին եւ պիտի երկարի մինչեւ 27 Յուլիս: Ժողովները պիտի կատարուին դռնփակ, Զմմառու վանքին մէջ:

Ըստ միաբանութեան կանոնագրին թիւ 88 յօդուածին՝ Ընդհանուր Ժողովը կը գումարուի ամէն վեց տարին անգամ մը, որուն ընթացքին  կ՛ ուսումնասիրուին միաբանութեան եւ վանքին առնչուող բոլոր հարցերը եւ կը սահմանուին ապագայի հովուական, ազգային ու մշակութային բոլոր հեռանկարները, ապա նաեւ կ՛ընտրուին միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդը եւ անոր վարչական խորհուրդը:

Զմմառու միաբանութեան այժմու պատրիարքական փոխանորդը եւ վարչական հայրերը կը խնդրեն բոլոր հաւատացեալներէն, որ հաւատքով աղօթեն Աստուծոյ, որպէսզի այս Սուրբ Ժողովին որոշումները դառնան ի բարգաւաճումն Զմմառու միաբանութեան եւ ի պայծառացումն հայ եկեղեցւոյ ու ազգին:

Զմմառ, 12 Յուլիս 2007

Դիւան Զմմառու Վանքին       


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ