Երեքշաբթի, 5 Յունիս 2012 - Չթուլացնել Տրամադրութիւնները…


Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակին  ողբերգականէն պահանջատիրական հանգրուանին ազդանշանը տուող ապրիլ 24-եան  ձեռնարկներուն իբրեւ վկան եւ մասնակիցը` կրնամ  ստուգապէս ըսել, որ  այս տարի Ապրիլեան ձեռնարկները պարտ ու պատշաճի սահմաններուն մէջ տեղի ունեցող սովորամոլական ձեռնարկներ չէին:

Իրենց տարողութեամբ ու շրջագիծով, որակով ու բովանդակութեամբ, քարոզչականութեամբ ու ընդգրկուածութեամբ, արտայայտչականութեամբ ու  բողոքարկութեամբ, անոնք աննախադէպ էին 60-ամեակէն ի վեր: Աննախադէպ էին  մանաւանդ ձեռնարկներուն վերեւ հայկական պետականութեան շուքի թեւածութեամբ:

Արդարեւ, նոյնիսկ անկախ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին կողմէ նախապատրաստուած ու կազմակերպուած յայտագիրէն, կամ` միեւնոյն մարմինին հովանաւորութեամբ, լիբանանահայ ամէն կառոյց ու միութիւն` յարանուանական ու կուսակցական, մշակութայինէն մինչեւ մարզականը,  անցնելով երիտասարդականէն, ուսանողականէն,  աշակերտականէն եւ սկաուտականէն, հանդէս եկաւ բովանդակութեամբ ու ձեւով ինքնատիպ ձեռնարկներով ու հանդիսութիւններով, աւանդական նշումներու ու եկեղեցական արարողութիւններու կողքին` քայլարշաւներով ու դասախօսութիւններով, ցուցահանդէսներով ու ֆիլմաշարերու ցուցադրութեամբ, կլոր սեղաններով, քննարկումներով ու ասուլիսներով, գեղարուեստական ելոյթներով եւ մինչեւ իսկ`  հեծելարշաւներով: Ուշագրաւ էր մինչ այդ անտարբեր ըլլալ թուացող կամ ձեւացող ամէն հայորդիի ինքնաբուխ մասնակցութիւնը  ձեռնարկներուն` պահանջատիրական վճռակամութեամբ եւ երկրին ու շրջանին մէջ թրքական բազմաբնոյթ աշխուժութեան հակադարձելու տրամադրութեամբ:

Այդ վճռակամութեան ու տրամադրութեան ամէնէն  ցայտուն արտայայտութիւնը հանդիսացաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին բոցաշունչ պատգամով գօտեպնդուած տասնեակ հազարաւոր  ժողովուրդին բողոքի երթը Անթիլիասի մայրավանքէն դէպի թրքական դեսպանատուն: Տարեցներէն մինչեւ մանուկներու մասնակցութիւնը ցոյց-քայլարշաւին գրաւականն էր պատմական յիշողութեան եւ պահանջատիրութեան ջահի փոխանցումին գալիք սերունդներուն:

Արդարեւ, հայկական եռագոյնը բարձր բռնած, պահանջատիրական լոզունգներով պաստառներ բարձրացուցած, տարեցներ ու մեծահասակներ, երիտասարդներ ու պատանիներ, կիներ ու աղջիկներ խրոխտ ու հաստատաքայլ բարձրացան Ռապիէ, թրքական դեսպանատուն, հակառակ յոգնեցուցիչ բարձունքին ու կէսօրուան կիզիչ արեւուն: Որքան յուզիչ, նոյնքան ալ գօտեպնդող էր մէկ բազուկով հազիւ քանի մը ամսու նորածինը շալկած, իսկ միւս ձեռքով բռնախլուած իր հօրենական տունը պահանջող արձանագրութեամբ ցուցատախտակ մը բռնած երիտասարդ մօր երեւոյթը: Իսկ դեսպանատան դիմաց պատահածին մասին ոչ միայն հայ մամուլին, այլ լիբանանեան եւ միջազգային լրատուամիջոցներուն նկարագրութիւնները բաւարար էին ցոյց տալու համար  հայկական պահանջատիրութիւնը թուլացնելու թրքական դիւանագիտութեան մեքենայութիւններուն ձախողութիւնը եւ հասկցնելու համար, որ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ անոր հետեւանքները դարմանելու հայութեան պահանջը անսակարկելի է ու անդառնալի: Թրքական դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցած ցոյցը արտայայտութիւնն էր հայկական պահանջի անսակարկելիութեան եւ անդառնալիութեան, արտայայտութիւնը` հայկական պահանջատիրական երթը յարաճուն թափով ու կազմակերպուածութեամբ շարունակելու լիբանանահայութեան վճռակամութեան: «Ի՞նչ ըրինք որ… Դրօշակ մը միայն այրեցինք…», կ՛ըսէին երիտասարդներ` ակնարկելով  դեսպանատան շուրջ հաստատուած ապահովական շղթան կտրելու փորձերուն վերջ դնելու եւ ցոյցին քաղաքակիրթ բնոյթը պահպանելու կոչերուն: Պահու ստեղծած տրամադրութեան ազդեցութեան տակ հայ երիտասարդներու կողմէ արտասանուած  խօսքերը կը նախանշէին այսուհետեւ, եւ ո՛չ միայն ապրիլին, թրքական պետութեան ժխտողական քաղաքականութեան եւ հայատեաց քարոզարշաւին դէմ հայկական բողոքարկող ձայնի բարձրացումը  բոլոր ամպիոններէն ու հրապարակներէն:

Հայոց ցեղասպանութեան 97-րդ տարելիցին նշումը, իրաւամբ, նախորդ ոգեկոչումներէն տարբեր էր իր ծաւալով եւ լարուածութեամբ: Տարբերութիւն մը, որ  անցեալ ապրիլի 24-ի ձեռնարկներուն ստեղծած պահանջատիրական  մթնոլորտը եւ  յառաջացուցած լարուած տրամադրութիւնը չթուլացնելու եւ աւելի նպատակաուղղուած ու արդիւնաւէտ դարձնելու ուղղութեամբ գործելու պարտաւորութեան առջեւ կը դնէ հայկական պահանջատիրութիւնը առաջնորդող եւ ժողովրդային տրամադրութիւնը ձեւաւորող միտքը, որ կը համախմբէ ազգային  բոլոր կառոյցները: Լիբանանահայութիւնը զինք առաջնորդելու կոչուած այդ մտքին ամրապինդ բազուկը դառնալու իր պատրաստակամութեան փաստը տուաւ:

Հետեւաբար, այսուհետեւ եւ մինչեւ 100-րդ տարելիցը երկարող ժամանակամիջոցի ընթացքին, լիբանանահայութեան առաջնորդող միտքն ու անոր առաջնորդութեամբ գործող շարքերը, միեւնոյն համախմբուածութեամբ, միասնականութեամբ ու լարուածութեամբ, պէտք է լծուին  պահանջատիրութեան երթը` 2012-ի ապրիլի 24-ի ցոյցին տրամաբանական շարունակութիւնը հանդիսացող եղանակով յառաջ տանելու համագաղութային յանձնառութիւնը շօշափելի դարձնող միջոցառումները ծրագրելու ու գործադրութեան դնելու աշխատանքին:

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
Պէյրութ, 1 մայիս 2012

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ