Երկուշաբթի, 3 Սեպտեմբեր 2012 - Սահմանուած Ենք Չկորսուելու…

 

Սիրելի՛ ընթերցող, Յիսուսի կեանքին մէջ հետաքրքրական դրուագներէն եւ անոր աշակերտներուն համար նոյնպէս հետաքրքրական փորձառութիւններէն մին է աստուածաշնչական գիտաշխարհին մէջ վերտառեալ «Փոթորիկը կը խաղաղի» (Մտթ. 8, 23-27), «Փոթորիկը ծովուն վրայ» (Մրկ. 4, 35-41), «Յիսուս փոթորիկը կը խաղաղեցնէ» (Ղկ. 8, 22-25) հատուածը, զոր մեզի կ՛աւանդեն երեք համատեսական աւետարանիչները` Սուրբ Մատթէոս, Սուրբ Մարկոս եւ Սուրբ Ղուկաս:
Այսօր կ'անդրադառնամ երկրորդ աւետարանիչին պատմածին, որով կը նկարագրէ այն անձկութիւնը, որուն մատնուեցան նաւակով մէկ ափէն միւս ափը թիավարող աշակերտները, մինչ «նաւակին ետեւի կողմը, բարձի մը վրայ, կը նիրհէր Յիսուս»…:
Անակնկալ «ամեհի մրրիկ» եւ ալեկոծում մը կը սպառնային թէ՛ ընկղմել նաւակը, թէ ջրամոյն ընել աշակերտները: Վտանգուածները կ'արթնցնեն քնացող Աստուածամարդը, որ իր բացարձակ հրամայականով կը դադրեցնէ քամին ու կը խաղաղեցնէ լիճը: Հրաշագործութեան դիմաց` «երկիւղը պատեց զանոնք, եւ իրարու կը հարցնէին. «Ո՞վ է ասիկա, որուն նոյնիսկ հովն ու ծովը կը հնազանդին»…:
Արդ, արտաքին դէպքէն կ'անցնիմ ներքին դիպածին, որ սերտ առնչութիւն ունի մեր առօրեային հետ: Բոլոր ժամանակներուն դաստիարակը եւ հոգեբոյժն է Յիսուս մարդասէրը: Կրնայ  դաստիարակել մեր միտքերը: Կ՛ուզէ բուժել մեր հոգիները: Գիտէ օգնել մեր նիւթականին ու ֆիզիքականին…: Ուստի, Անոր պէտք ունինք:
Մեր կեանքը ուղեւորութիւնն է աստենականին մէկ ափէն դէպի անդենականին միւս ափը: Ծովին վրայ ճանապարհը կը նմանի այն ճամբորդութեան, որ կը կատարուի Յիսուսի հետեւողութեան ուղիով:
Ծանօթ երգ մը կը յիշեցնէ մեզի, թէ «նաւակը, որ ինքզինքը կը յորջորջէ «համայնք» կամ «եկեղեցի», կը թիավարի ժամանակի ծովուն մէջէն…»:
Բոլոր անձերը, որոնք Յիսուսի հետեւողութեան կը սկսին, կը նմանին այն մարդերուն, որոնք թիանաւով կ'ուղղուին մէկ եզերքէն միւսը: Այս անցքին տեւողութեան մէջ ինչ որ անակնկալօրէն կը պատահի նաւերուն եւ նաւաստիներուն, օրինակի համար` «ամեհի փոթորիկ մը ծայր կու տայ ծովին վրայ», «մրրիկ մը կ՛իջնէ լիճին վրայ», «ալիքները կը խուժեն նաւակին վրայ», «կը սկսի ջուրով լեցուիլ», «նաւակը կը թաղուի ալիքներուն տակ» եւ ուղեւորները կը մատնուին «տագնապի», նոյն պատահարին դիպումն ակնկալելու ենք նաեւ մենք` Յիսուսի աշակերտներս մեր եկեղեցւոյ մէջ, որ փոթորկալից, ալեկոծ ու տագնապալից առօրեայէն դուրս հասարակութիւնը չէ եւ չի կրնար ըլլալ:
Եւ ահա, այսպիսի սպառնացող իրավիճակներու մէջ` մրրկաշունչ հովին հետ յանկարծակի կը փոթորկի մեր վստահութիւնն Աստուծոյ հանդէպ. «Վարդապե՛տ, հոգդ չէ՞, որ մենք կորսուինք»: Աշակերտներուն հետ եւ նման` մենք ալ մատնուած ենք յուսալքումի եւ սարսափի…:
Յիսուս, սակայն, կ'օգնէ, կ'ազատէ, կը փրկէ: Այսպէս անգամ մըն ալ կ'ապացուցանէ բոլոր անոնց, որոնք կը հետեւին Իրեն, թէ իր ներկայութեան մէջ` կ'անհետին արտաքին ու ներքին ամէն տեսակի վախ, անձկութիւն եւ անորոշութիւն:
Օգնող, ազատարար ու փրկիչ նոյն Վարդապետը եւ Հոգեբանն է, Յիսուս Քրիստոս, որ իր աշակերտները եւ անոնց ընդմէջէն` մեզ կը յանդիմանէ մի՛շտ Մարդասէրին շեշտուած ու յա՜ր Մարդամօտին ինքնուրոյն մտահոգութեամբ. «Ինչո՞ւ կը վախնաք, հաւատք չունի՞ք տակաւին: Ո՞ւր է ձեր հաւատքը, թերահաւատնե՛ր»…:
Այս պարսաւող հարցադրումով` Յիսուս կը յստակացնէ երկու հարցեր նկատմամբ քրիստոնէական աւետարանացումին եւ ապրելակերպին:
Առաջին` նաւարկութեան կամ ծովագնացութեան ուղիին վրայ, վախի ու մահուան աշխարհի մը մէջ, Աստուած միշտ կը կենայ սարսափի եւ մեռելութեան մատնուած մարդուն, ընդհանրապէս, ու հաւատաւորին կողքին, մասնաւորապէս:
Երկրորդ` Աստուծոյ ներկայութիւնը բաւարար է մեզի` անայլայլ ու վստահալից կատարելու համար պահանջուածը, հարկաւորն մեր վիճակին եւ կարողութեան համապատասխան:
Ուշադրութի՛ւն: Աստուծոյ ներկայութիւնը, սակայն, չի կայանար անոր մէջ, որ իրենք իրենցմէ լուծուին բոլոր հարցերը, կամ` ալեկոծումէն ու մրրիկէն ետք նորէն ծագի արեւը, կամ` կեանքի մութ ժամերուն շրջանցուի վախը…:
Նաեւ չի կայանար անդորրացած փոթորիկին հրաշքին մէջ, այլ` այն իրողութեան մէջ, որ աշակերտները Քրիստոսի անունո՛վ անցնին մէկ եզերքէն դէպի միւս եզերքը:
Հաւատքին մէջ ապրուած կեանքը չի բացառեր, որ քրիստոնեան պէտք կամ առիթ չունենայ լքուածութեան ճիչն արձակելու…:
Այլ ընդհակառակն` հաւատքը, յոյսը եւ սէրը կը բացայայտուին ու կ'արդիւնաբերեն անով, որ յիսուսականը կրնայ խօսիլ ինչպէս խաչեալ Փրկիչը, առանց կորսուելու, որովհետեւ լաւագոյնս գիտէ, թէ մահուան ճիրաններուն մէջ ի՛սկ ինք շալկուած եւ ապահովուած է երկնաւոր Հօրմէն, որուն բացարձակ կամքն է, որ Որդին` Յիսուս Քրիստոս «չկորսնցնէ Անոր տուածներէն եւ ո՛չ մէկը, այլ` անոնց յարութիւն տայ վերջին օրը» (Յվհ. 6, 39):
 
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ