Երկուշաբթի, 15 Յունիս 2015 - Այնճարի մէջ յիշուեցաւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի նահատակութեան 100 ամեակը

 

 

Պէյրութ

Ուրբաթ 12 յունիսին, Այնճարի «Սուրբ Վարդարանի Տիրամայր» եկեղեցիին մէջ, հայր Գաբրիէլ Թ. ծայրագոյն վարդապետ Մուրատեան՝ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի Փոխանորդը եւ Զմմառու վանքի Մեծաւորը վարչական խորհուրդին եւ Այնճարի Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան կազմակերպութեամբ, սուրբ Պատարագ մատուցանեց  Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի նահատակութեան 100 ամեակին առթիւ: Այնճարի Հայ կաթողիկէ «Սուրբ Վարդարանի Տիրամայր» եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ հայր Մեսրոպ ծայրագոյն վարդապետ Թօփալեան բարի գալուստ մաղթեց եւ դրուատեց Երանելի Մալոյեանին առաքինութիւնները: Գերապայծառ հայրը նոյնպէս իր քարոզին մէջ ներկայացնելով Երանելի Մալոյեանի կեանքը, շեշտը դրաւ նահատակութեան գաղափարին վրայ: Նշեց թէ Մալոյեան իբրեւ ճշմարիտ հոգեւորական մը՝ հետեւեցաւ Քրիստոսի օրինակին, հետեւեցաւ նաեւ մեր պատմութեան այն հերոսներու օրինակին, որոնք զոհուեցան քրիստոնեայ կրօնքին եւ հայրենիքին համար: Այսօր մենք որպէս քրիստոնեաներ՝ պէտք է նոյնպէս արմատանանք մեր հաւատքին վրայ եւ ապրինք որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Այնճարի «Սուրբ Վարդարանի Տիրամայր» եկեղեցւոյ երգչախումբը: Ներկայ էին պետական եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ, հոգեւորականներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը: Սոյն հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Զմմառու Միաբանութեան «Սուրբ Միքայէլ եւ Երանելի Մալոյեան» ընծայարաններու ժառանգաւորները: Օրուան արարողութիւնը փակուեցաւ սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեամբ եւ Երանելի Մալոյեանին ուղղուած աղօթքով: Գերապայծառ Հայրը համբուրել տուաւ Զմմառու վանքին մէջ պահուող Երանելիին ձեռաց խաչը, զոր երանելին Մարտինի իր առաջնորդութեան կարճատեւ տարիներու ընթացքին՝ գործածած էր (1911-1915): Յիշատակելի օրուան աւարտին՝ տօնական մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը տեղւոյն ժողովրդապետութեան դահլիճին մէջ, ուր Այնճարի քաղաքապետ Կարապետ Բամպուքեան ողջոյնի խօսքեր արտասանեց եւ հաւատացեալ մը իր վկայութիւնը տուաւ եռամեծար Երանելիին մասին: Յիշատակութեան արժանի է Մեսրոպ Հայունիի հեղինակած Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանին նուիրուած նոր տաղը, զահլէցի վաստակաւոր երաժիշտ Վարդան Եղիայեանին եղանակաւորումով:
 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ