Հինգշաբթի, 13 Յունուար 2011 - Քահանայական ձեռնադրութիւն՝ սարկաւագ Ֆատի-Մատթէոս Մաթոսեանի


Բարձ Ճեզիրէ

Շաբաթ 18 Դեկտեմբեր 2010, սուրբ Յակովբայ Մծբնայ հայրապետի եւ Մարուգէի ճգնաւորի տօնին,  երեկոյեան ժամը 6-ին, Հասաքէի սուրբ Ընտանեաց հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւնը՝ սարկաւագ Ֆատի-Մատթէոս Մաթոսեանի, թեմական Բարձր Ճեզիրէի, ձեռամբ Բերիոյ Թեմի հայ կաթողիկէ առաջնորդ եւ Բարձ Ճեզիրէի թեմին Առաքելական կառավարիչ՝ արհիապատիւ Պետրոս արք. Միրիաթեանի:

Սրբազան արարողութեան դասին մէջ ներկայ էին՝ քոյր Եկեղեցւոյ վարդապետները, հայր Վարագ վրդ. Պէրպէրեանը, որ յատուկէն ժամանած էր Յորդանանէն, հայր Սիմոն վրդ. Զաքարեանը, Սալիզեան միաբանութիւնէն, հայր Եղիշէ վրդ. Ճէնճին, տէր Կոմիտաս քհն. Տատաղլեանը եւ առաքինազարդ հայ ու ասորի քոյրերը, ձեռնադրուողին պարագաները ու բարեկամները եւ հոծ բազմութիւն մը հայ եւ օտար հաւատացեալ ժողովուրդէն:

Օգնական ձեռնադրիչ եպիսկոպոսին առընթերակայներն էին՝ Գամիշլիի աթոռանիստ սուրբ Յովսէփ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Նարեկ վրդ. Նամոյանը եւ Հասաքէի սուրբ Ընտանեաց եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Գառնիկ վրդ. Յովսէփեանը:

Աստուծոյ Խօսքին ընթերցումէն առաջ, գերյարգելի Անդրանիկ ծ. վրդ. Այվազեանը, ընդհանուր կառավարիչ հայ կաթողիկէ թեմին, նորօծ վարդապետին հոգեւոր քաւորը, կը ներկայացնէ Ֆատի-Մատթէոս սարկաւագը ձեռնադրիչ սրբազանէն խնդրելով սուրբ քահանայութեան կարգը: Ապա Ֆատի-Մատթէոս սարկաւագը ծնրադիր եկեղեցւոյ դասին մէջ, երեսը դէպի ժողովուրդ, ձեռքերը ի վեր, շրջապատուած քայանայից դասէն, երիսց անգամ քահանայից դասը բարձր բարբառով կրկնեցին' «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ..., կոչելով զՄատթէոս ի սարկաւագութենէ ի քահանայութիւն» ու ապա ժողովուրդը պատասխանեց «Արժանի է».

Աստուծոյ Խօսքին ընթերցումէն ետք, ձեռնադրիչ սրբազանը աւուր պատշաճի քարոզը արտասանեց եւ ուղղուելով տէր Մատթէոս սարկաւագին ըսաւ. « Սիրեցեալ զաւակ իմ, այսօր հայ կաթողիկէ Եկեղեցին կը տօնէ Յակովբայ Մծբնայ հայրապետին յիշատակը, որուն քեզ կը յանձնեմ իր պաշտպանութեան ներքեւ խնդրելով իրմէ որ քեզ հաստատ պահէ քո քահանայական կոչմանդ մէջ: Ինչպէս Մատթէոս առաքեալը, որուն անունը ստանձնեցիր ու տիապար առիր, հաւատարիմ եղիր ու վեհ պահէ նշանաբանը «Եկայ քու կամքդ կատարելու, ով Տէր եւ ոչ իմ կամքս»: Ի խորոց սրտէ, կը շնորհաւորեմ քեզ եւ քո եկեղեցասէր ծնողքդ որ քեզի նեցուկ կանգնեցան ու քաջալերեցին հասնելու համար այս վսեմ ու վեհագոյն աստիճանին որ է սուրբ քահանայութիւնը: Եւ ինչ մեծ պատիւ է ու սրտի գոհունակութիւն ծնողածդ երբ հաւատացեալները մօրդ տիրամայր կը կոչեն: Ի վերջոյ, կը յանձնեմ քեզ մարտինի երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի, որուն քաղաքէն դուն ալ կը պատկանիս, պահէ ու պաշտպանէ քեզ բոլոր դժուարութիւներէ զորս պիտի հանդիպիս քու քահանայական կեանքիդ ընթացքին»:

Ապա գերյարգելի Անդրանիկ ծ. վրդ. Այվազեանը կարդաց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոցի մաղթանքի գիրը, ուղղուելով նորօծ վարդապետին ըսաւ. «Գլխաւոր մտահոգութիւնդ պարտի ըլլալ քրիստոսանման տիպար քահանայի կեանքը ապրիլ, յստակ եւ ուղիղ կերպով մարդոց մեկնաբանել Սուրբ Աւետարանը իր հրապուրիչ լուսով, անսակարկ նուիրումով եւ եռանդով հաւատացեալները առաջնորդել դէպի Քրիստոս, իբր օրինակ առնելով սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը եւ մեր սուրբ Հայրապետները: Ի մտի պիտի ունենաս Քրիստոսի քաջալերիչ եւ մխիթարական հետեւեալ խօսքերը. «Առէ՛ք իմ լուծս ձեր վրայ եւ սորվեցէ՛ք ինծմէ՝ որ հեզ եմ եւ սրտով խոնարհ, եւ հանգիստ պիտի գտնէք ձեր հոգիներուն: Որովհետեւ իմ լուծս քաղցր է եւ բեռս՝ թեթեւ» (Մտթ. 11, 29-30):

Սուրբ Պատարագէն ետք, սրբազան կղերը եւ նորօծ վարդապետին պարագաները ու բարեկամները ուղղուեցան ժողովրդապետութեան թահլիճը ուր տեղի ունեցան շնորհաւորութիւնները.

Ապա սրբազան կղերը եւ նորօծ վարդապետին պարագաները ու բարեկամները ուղղուեցան դէպի Մուն-Լանտ ճաշարանը, ուր տեղի ունեցաւ սիրոյ-ագապէի սեղանը այս ուրախալի եւ անմոռանալի աոիթով.

Կիրակի 19 դեկտեմբեր 2010, առաւօտեան ժամը 9-ին, Հասաքէի սուրբ Ընտանեաց եկեղեցւոյ մէջ, նորօծ վարդապետը մատոյց իր անդրանիկ սուրբ Պատարագը:

Աստուծոյ Խօսքին ընթերցումէն ետք, ան ըսաւ:« Նախ եւ առաջ փառք ու պատիւ Աստուծոյ հօր, որ զիս արժանացուց այս վսեմ ու սրբազան քահանայական աստիճանին, խորին ու անկեղծ շնորհակալութիւներս՝ Զմմառու միաբանութեան վանքի մեծաւորին անձի հայր Միքայէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեանի եւ իր ներկայի եւ անցեալի վարչական վարդապետական յանձնախումբին, ի խորոց սրտէ որդիական շնորհակալութիւներս կը յայտնեմ գերյարգելի Անդրանիկ ծ. վրդ. Այվազեանի, որ սիրով ու  հայրական գուրգուրանքով զիս ընդգրկեց այս պատմական ու մարտիրոսական թեմին մէջ, եւ առաջին օրէ իսկ ինծ ըսաւ- այս թեմը քու տունդ է- ինչպէս նաեւ իմ ծայրագին ու խոնարհ շնորհակալութիւներս սոյն եկեղեցւոյ ժողովրդապետին՝ հայր Գառնիկ վրդ. Յովսէփեանի, որ այս մէկ տարուայ կազմաւորմանս շրջանին եղաւ ինձ համար ուղեցոյցը եւ մեծ եղբայրը եւ ո՛չ մեծաւորը: Ի վերջոյ
շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ ծնողքիս, եղբայրներուս, որոնք իրենց ծնողական քաջալերանքով խդանեցին եւ բոլոր անոնք որոնք նեցուկ կեցան իմ ձեռնադրութեանս ժամանակ»:  

Նորօծ վարդապետին սրբազան պատկերին վրայ, որ բաժնուեցաւ բոլոր հաւատացեալներուն հետեւեալ նշանաբանը գրուած էր՝ «Եկայ  քու Կամքդ  կատարելու» (Եբր. 10: 9):


Կենսագրական գիծերը հայր Մատթէոս վրդ. Մաթոսեանի

Հայր Մատթէոս վրդ. Մաթոսեան ծնած է՝ 13 մայիս 1982-ին Հասաքէ, Սուրիա: Իր նախնական կրթութիւնը ստացած է ծուխական Միացեալ-Հայկազեան վարժարանին մէջ, միջնակարգը պետական Ապի Դամմամ վարժարանը, իսկ երկրորդականը՝ պետական արհեստից վարժարանը:

2000-ին կ'ընդունուի Զմմառու միաբանութեան Ինգնատիոս Մալոյեանի դպրեվանքը, ուր կը յաճախէ Պօղօսեան հայրերու համալսարանը հետեւելով աստուածաբանական եւ իմաստասիրական դասընթացքներուն:

Իր բարձրագոյն ուսումները կատարելէ ետք, 15 օգոստոս 2008-ին, Տիրամայր Զմմառու մայրավանքին մէջ, ձեռամբ ամենապատիւ եւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց, կը ձեռնադրուի կիսասարկաւագ:

24 սեպտեմբեր 2010-ին, Հասաքէի սուրբ Ընտանեաց հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ արհիապատիւ Պետրոս արք. Միրիաթեանի կը ձեռնադրուի սարկաւագ:

18 դեկտեմբեր 2010, Հասաքէի սուրբ Ընտանեաց հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ արհիապատիւ Պետրոս արք. Միրիաթեանի կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ, թեմական ըլլալով Բարձ Ճեզիրէի կղերին:

Այս առիթով, կայքէջի տնօրէնութիւնը կը շնորհաւորէ նորօծ վարդապետը եւ անոր կը մաղթէ բեղուն առաքելութիւն եւ ծառայութիւն ի սպաս հայ Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին։    

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ