Երկուշաբթի, 30 Ապրիլ 2012 - Զալքայի ՀԿՄ Պատանեկան հիմնադրութեան 10-րդ տարեդարձ


Զալքա, Լիբանան

Բարձր հովանաւորութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ՝ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքին, կիրակի 29 ապրիլ 2012-ին, Զալքայի «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ հայածէս ձայնաւոր սուրբ Պատարագ Զալքայի ՀԿՄ Պատանեկան հիմնադրութեան 10-րդ տարեդարձին առթիւ: Սուրբ Պատարագէն նշուէցաւ ՀԿՄ Պատանեկան միութեան Զալքայի մասնաճիւղի հիմնադրութեան տասնամեակը: Այս առթիւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պիտի օրհնէ նաեւ Միութեան նորակառոյց ակումբը։
Ստորեւ՝ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ուղղած պատգամը այս առթիւ:

«Գերյ. եւ Գեր. վարդապետներ
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր
Յոյժ սիրելի Հ.Կ.Մ.ական Պատանիներ,

Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնէն ետք, սուրբ Պատարագի ընթերցումները առնուած են, ինչպէս իմացանք քիչ առաջ, սուրբ Յովհաննէսի Աւետարանէն եւ Առաքեալներու Գործերէն։ Առաքեալներու Գործերը մեզի կը պատմեն թէ Առաջին քրիստոնեայ հասարակութիւնը ինչպէս կազմակերպուեցաւ եւ ընթացաւ առանց Յիսուսի, անոր Համբարձումէն ետք, պահելով իր սրտին մէջ Յիսուսին վերջին խօսքը. «Ահա՛ Ես ձեզի հետ եմ ամէն օր մինչեւ աշխարհի կատարածը»։ Այս հաւատքով, Առաջին քրիստոնեաները ապրեցան եւ իրենց դիմացը յարուցած հարցերը քրիստոնէաբար լուծեցին։ Բայց անոնք պիտի չմնային մինչեւ աշխարհին կատարածը, ուստի Յիսուսին խօսքը մեզի ալ ուղղուած է։ Եթէ Յիսուս իրենց հետ էր ամէն օր, նոյնպէս ալ այսօր, Յիսուս մեզի հետ է։ Բաւ է որ մենք իրմէ չհեռանանք եւ չուզենանք մեր ուժերով՝ այսինքն մեր սահմանափակ խելքով եւ այլ մարդկային հաշիւներով հարցերը լուծել։ Հարկ է ուրեմն յաճախ աղօթել, քանի որ ամէն բան Աստուծմէ կախում ունի եւ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ։
Այս ընթացքը կը պահանջէ հաւատարիմ ըլլալ հասարակական աղօթքներուն եւ հնազանդութիւն ունենալ առաջնորդներուն։ Այս է քրիստոնեայ հասարակական կեանքը մինչեւ այսօր։
Սիրելի Հ.Կ.Մ.ականներ, ուրախութիւնը ունիմ ձեզի հետ այս սուրբ Պատարագը մատուցանելու, տօնակատարելու համար տասը տարուայ ձեր յարատեւ ժրաջան աշխատանքն ու հաւատարմութիւնը Հ.Կ.Մ.էն ներս ի նպաստ սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան՝ առաջնորդութեամբ Միութեան հիմնադիր վարդապետին, շատ սիրելի Գերյ. հայր Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեանին։ Հայր Կռանեանին տալ «հիմնադիր»ի տիտղոսը գերազանցօրէն տեղին է, որովհետեւ ան, իր առաջին առաքելութէնէն ի վեր, հիմնած է երգչախումբ, Հ.Կ.Մ, Հ.Կ.Հ.Մ եւ այլ Միութիւններ յօգուտ համայնքային կարիքներուն, ընտանիքներուն եւ յատկապէս՝ երիտասարդութեան կազմաւորման համար։ Այսպէս եղաւ Պարսկաստանի, Դամասկոսի եւ Լիբանանի զանազան ժողովրդապետութիւններուն մէջ։ Իսկապէս, Հ.Կ.Մ. շարժումի յղացումը՝ մեծ կարեւորութիւն ունի ի նպաստ Հայ Կաթողիկէ համայնքին։
Սիրելի Հ.Կ.Մ.ականներ, ձեր գլխաւոր նպատակն է կերտել ապագայ առողջ, ազգասէր, համայնքասէր հայ եւ քրիստոնեայ երիտասարդ երիտասարդուհիները։ Ասոր համար, ձեր խումբը գոյատեւեց եւ աճեցաւ՝ տասնեակ մը հոգիներէ բաղկացած՝ մինչեւ հարիւր անդամ անդամուհիներու հասնելու համար։ Առաջին խումբէն կարելի է թուել՝ ընկեր ընկերուհիներ՝ Կարօ Քահուէճեան, Արամ Գարատաղլեան, Միրնա Մարգարեան, Զեփիւռ Քէշիշեան, Արա Ռոպէն, Լեւոն Պանիքեան, Լարա Ուրֆալեան եւ Շողիկ Փափազեան։
Դուք ձեր յաջողութիւնը կը պարտիք ձեր քրիստոնեայ հաւատքին, որ ձեզի ներշնչեց ամուր եւ անվիճելի սկզբունքներ՝ վստահութիւն Աստուծոյ վրայ, տոկունութիւն դժուարութիւններուն առջեւ եւ մանաւանդ՝ հնազանդութիւն ձեր երէցներու հրահանգներուն, որոնք իրենց կեանքի վկայութիւնը ձեզի տուին, ինչպէս նաեւ իրենց թանկագին ժամանակը տրամադրեցին՝ ձեր ծառայութեան համար։ Անոնք ձրիօրէն առին իրենց նախորդներէն եւ ձեզի՝ ձրիօրէն կու տան։ Դուք այժմ կ՚առնէք, վաղն ալ դուք նոյն նուիրումով ձրիօրէն պիտի տաք ձեր յաջորդներուն, ըստ սուրբ Աւետարանի խօսքին. «Ձրի առիք, ձրի տուէք»։ Կը շնորհաւորեմ ձեր նախկին եւ ներկայ վարիչները իրենց անսակարկ եռանդին համար, որոնք հաճոյքն ունին տեսնելու իրենց աշխատանքին արդիւնքը եւ այսօր անոր պտուղը կը վայելեն՝ տասը տարուայ անընդհատ նուիրումէն ետք։ Բարիով վայելեցէ՛ք, սիրելի Հրամանատարներ, Գնդապետներ եւ Խորհուրդի կազմի նուիրեալ անդամներ։
Ներկայիս, ձեր Միութիւնը հաստատ հիմերու վրայ կը գտնուի։ Ան կը բաղկանայ չորս մարմիններէ՝ Ջահակիրներու խումբը, Պատանեկան խումբը, Դիւանը՝ որ կը ներփակէ Գնդապետներու եւ Վարիչներու զոյգ խումբերը, վերջապէս՝ Խորհուրդի կազմը, որ պատասխանատուութիւնը ունի ղեկավարելու ամբողջ Միութիւնը։
Որպէս առաջնահերթ սկզբունք, շեշտեցի Աստուծոյ վստահութեան վրայ, որովհետեւ դուք հա՛յ եւ քրիստոնեա՛յ էք։ Դո՛ւք մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու չորրորդ սերունդն էք եւ հինգերորդ սերունդի ապագայ հայրերն ու մայրերը պիտի ըլլաք։ Նաեւ որովհետեւ դուք գիտէք, որ Ամենաբարին Աստուած ընտրած է հայ ազգը ըլլալու համար աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգ, որպէսզի Քրիստոսը փառաւորէ։ Եւ հայ ազգը դարերու ընթացքին փառաւորեց Յիսուս Քրիստոսը միլիոնաւոր նահատակներ տալով, որոնց վերջինը երանելիներու դասին մէջ հռչակուեցաւ 2001-ին՝ նահատակ Իգնատիոս Մալոյեան, Մերտինի Արքեպիսկոպոսը եւ Զմմառու Միաբանը։
Հ.Կ.Մ. Պատանեկան որպէս բնական նվաճում կարելի է համարել Լիբանանի Աշրաֆիէի եւ Զալքայի Մասնաճիւղերու խորհուրդներու Առաջին Համագումարը, որ տեղի ունեցաւ ձեր ժողովրդապետութեան յարկին տակ, անցեալ 10 եւ 11 Մարտին նախագահութեամբ Գերյ. հայր Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեանի եւ մասնակցութեամբ Հ. Վարդան Վ. Գազանճեանի, Հ. Նարեկ Վ. Լուիսեանի, Հ. Սեպուհ Վ. Կարապետեանի, ինչպէս նաեւ Սիպիլա Փաչանեանի, Արամ Գարատաղլեանի եւ Յակոբ Թերճանեանի։ Այս Առաջին Համագումարին ընթացքին ուսումնասիրեցիք Հ.Կ.Մ.ի յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ ապագայի ձեր հեռանկարները։ Յոյսս է, որ մօտ ապագային, լիակատար Համագումար մը կազմակերպէք Միջին Արեւելքի եւ Հայաստանի բոլոր Հ.Կ.Մ. մասնաճիւղերուն համար։
Մաղթանքս է որ, ձեր Միութեան հիմնադրութեան տասնամեակի առիթով, վերանորոգէք ձեր մտադրութիւնը եւ հաստատ պահէք ձեր անվեհեր ու յանդուգն գործակցութիւնը ո՛չ միայն սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ հովուական գործին, աջակցելով անոր ժրաջան ժողովրդապետին՝ Գերապատիւ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեանին, այլ նաեւ գործակցիք համայնքին եւ ազգին բոլ՜որ ձեռնարկներուն։
Յոյժ սիրելի Հ.Կ.Մ.ականներ՝
Զոհեցէ՛ք ձեր բարեկամութիւնները եւ ձեր գործը, բայց մի՛ զոհէք ձեր սկզբունքները։
Զոհեցէ՛ք ձեր խումբին զանաքը, բայց մի՛ զոհէք որակը։
Զոհեցէ՛ք ձեր ինչները, ձեր ազատութիւնը եւ նոյնիսկ ձեր կեանքը, բայց բնաւ մի՛ զոհէք ձեր հաւատքը։
Այսպէս, պիտի պահէք ձեր Հ.Կ.Մ.ի հիմնական նպատակներն ու սկզբունքները,
Այսպէս, պիտի կերտէք ձեր ապագան՝ որպէս լիիրաւ Հ.Կ.Մ.ական առաքեալներ, եւ
Այսպէս, պիտի պայծառացնէք Հայ հասարակութիւնը ընդհանրապէս եւ Հայ կաթողիկէ համայնքը մասնաւորապէս։
Վերջապէս, այսպէս պիտի պահէք եւ սփռէք մեր բիւրաւոր նահատակներուն ձեզի վստահուած աւանդը, որ է՝ քրիստոնեայ հաւատքը. Ամէն»։ 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ