Երեքշաբթի, 2 Յունիս 2015 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իւղանկար մը նուիրեց սրբազան քահանայապետին

 

Պէյրութ

 

Կիրակի 12 ապրիլ 2015-ին, Վատիկանի «Սուրբ Պետրոս» պազիլիքային մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած սուրբ Պատարագին աւարտին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իւղանկար մը նուիրեց սրբազան քահանայապետին, որ գործն է արուեստագէտ Րաֆֆի Ետալեանի: Այդ իւղանկարը, որ քահանայապետին ներկայացուեցաւ նոյնինքն հեղինակին եւ իր տիկնոջ ձեռքով, կը պատկերացնէ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի դիմանկարը: Վատիկանի կառավարութիւնը, ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին խնդրանքին ընդառաջելով, մի քանի ամիս առաջ արդէն որոշած էր դրոշմաթուղթ մը հրատարակել 100 ամեակին առթիւ: Ուստի այս իւղանկարը, որ ներկայացուեցաւ, պիտի հրատարակուի որպէս երկրորդ հայկական նիւթով դրոշմաթուղթ, առաջինը ըլլալով սուրբ Գրիգոր Նարեկացին պատկերացնող խճանկարին պատկերը, որ կը գտնուի «Սուրբ Ղազար» կղզիին մէջ, Վենետիկ: Իր կարքին ամենապատիւ հոգեւոր տէրը օրհնեց Րաֆֆին եւ իր ազնուափայլ տիկինը այս նուէրին համար, որ տրուեցաւ պապին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կողմէն: Այս երկու դրոշմաթուղթերը պիտի հրապարակուին այս տարւոյս սեպտեմբեր ամսոյն ընթացքին:

 

Դիւան հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ