Չորեքշաբթի, 7 Մարտ 2012 - Հ. Կ. Մեսրոպեան վարժարանի «հայ դատ, համացանց եւ աշակերտութիւն» նիւթով միօրեայ սեմինար


Պուրճ Համմուտ

Կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին, կիրակի, 4 մարտ 2012-ին, Մեսրոպեան վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ Դատ, համացանց եւ աշակերտութիւն» նիւթով միջ-դպրոցական աշակերտական միօրեայ սեմինար, մասնակցութեամբ լիբանանահայ 14 վարժարաններու 9-12-րդ դասարաններու ներկայացուցիչներուն:
Առաւօտեան ժամը 10-ին, սեմինարը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Նախաձեռնութեան բացման խօսքը աշակերտական խմբակին անունով արտասանեց Մարինէ Հալլաճեան: Ան ըսաւ, որ ներկայիս հայութիւնը ունի բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնց իրականացման մէջ լիբանանահայ աշակերտները այսօր եւ վաղը շատ ընելիք ունին: Հալլաճեան շեշտեց, որ աշակերտները պէտք է քայլ առ քայլ հետեւին Հայ դատի պայքարին մէջ արձանագրուած ձեռքբերումներուն եւ զարգացումներուն:
Ապա աշակերտները սեմինարի ընդհանուր նիւթին հետ առնչուած հարցախոյզ մը ամբողջացուցին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ Հայ դատի հոլովոյթին հանգրուանները ներկայացնող խմբակին պատրաստած տեսաերիզին ցուցադրութիւնը:

Սեմինարի առաջին դասախօսն էր Լիբանանի խորհրդարանի նախկին պետական երեսփոխան տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեան, որ ներկայացուց Հայ դատին պատմութիւնը, նուաճումները, քաղաքական եւ դիւանագիտական զարգացումները: Ան ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակը անկիւնադարձային թուական մըն էր, որովհետեւ այդ տարի հարցը ողբերգութենէն վերածուեցաւ պահանջատիրութեան: Եղիկ Ճէրէճեան շեշտեց, որ հայ աշակերտը լաւապէս պէտք է ճանչնայ հայ դատին պատմութիւնը, որպէսզի պատմութենէն դասեր քաղելով մասնակից դառնայ աշխատանքներուն եւ ջահը փոխանցէ գալիք սերունդներուն:
Դադարէ մը ետք, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի ներկայացուցիչ Վերա Եագուպեան ներկայացուց «Հայ Դատի այսօրուան մարտահրաւէրները» նիւթը: Միջին Արեւելքի իրավիճակը ներկայացնելով, Եագուպեան անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը հետապնդելու գծով իւրաքանչիւր արաբական երկրի կարելիութիւններն ու պայմանները: Եագուպեան շեշտեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ինքնանպատակ չէ, այլ` հատուցման հասցնող քայլ մը: Ներկայացնելէ ետք Թուրքիոյ մէջ Հայ դատի աշխատանք տարածելու կարելիութիւններուն մասին, Վերա Եագուպեան ըսաւ, որ հայութեան հարցը թուրքերուն հետ չէ, այլ` Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որոնք կը մերժեն իրականութիւնը:

Մասնակիցներու ճաշի դադարին յաջորդեց սեմինարի երրորդ դասախօսութիւն-զրոյցը, որուն նիւթն էր «Համացանցին գործածութիւնը Հայ դատի պահանջատիրութեան մէջ»: Նիւթը ներկայացուց Մինաս Հանսքէհէեան, որ նշեց, թէ հայ աշակերտները լաւապէս պէտք է ճանչնան համացանցին ընձեռած կարելիութիւնները, որոնք ի սպաս կրնան ծառայել Հայ դատի աշխատանքներուն: Ան նշեց, որ հայ աշակերտները պէտք է փորձեն ընկերային ցանցերը գործածել հայերէնով, որպէսզի պահպանուի մայրենին:
Սեմինարի վերջին դադարէն եւ Հրանդ Տինքի մտածումներէն հատուածներ լսելէ ետք, Հայ դատին նուիրուած սեմինարի վերջին դասախօս-զրուցավարն էր Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ, որ անդրադարձաւ Հայ դատի պայքարին մէջ աշակերտութեան ունեցած դերակատարութեան մասին: Ան հաստատեց, որ աշակերտները պէտք է հպարտ զգան իրենց հայկական պատկանելիութեամբ եւ գիտակցին, որ իրենք պայքարին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունին: Հայ դատի պահանջատիրութեան մէջ աշակերտութեան աշխատանքները նշելէ ետք, Գալուստ ըսաւ, որ աշակերտները պէտք է ձգտին հասնիլ բարձրագոյն ուսման եւ ի հարկին դառնան ցեղասպանագէտներ, որպէսզի վաղը իրենց մասնագիտութիւններուն ընդմէջէն նպաստեն Հայ դատին:

Յայտնենք, որ իւրաքանչիւր զեկուցումէ ետք, աշակերտները իրենց հարցումներուն ընդմէջէն նիւթին շուրջ կը ստանային յաւելալ լուսաբանութիւններ: Դասախօսութիւններուն յաջորդեց խմբային աշխատանքը, երբ աշակերտները բաժնուեցան չորս խումբերու եւ քննարկեցին ճշդուած նիւթերը` Հայ դատի ձեռնարկի մը պատրաստութիւնը, աշակերտական կայքէջի մը բաժանմունքները, Համացանցին կարելիութիւնները պայքարին մէջ եւ համացանցին մէջ հայերէնի գործածութեան միջոցները: Քննարկումներուն յաջորդեց խումբերու աշխատանքներուն ներկայացումները:
Սագօ Հալլաճեան ամփոփ կէտերու մէջ եւ համապատասխան արժեւորումներով զեկուցեց հարցախոյզին արդիւնքները: Սեմինարի աւարտին, աշակերտական խմբակին անունով խօսք առաւ Ռիթա Ումատեան, որ ընթերցեց սեմինարի մասնակիցներու միացեալ յայտարարութիւնը, որուն մէջ նշուած է, թէ Հայ դատի պայքարին մէջ լիբանանահայ աշակերտը ունի իր ուրոյն եւ կարեւոր պարտականութիւնը` լաւապէս ճանչնալ Հայոց եւ Հայ դատի պատմութիւնը, տիրապետել մայրենիին, հետեւիլ Հայ դատի քաղաքական եւ դիւանագիտական կատարուող աշխատանքներուն, մերժել բոլոր բնոյթի թրքական թափանցումները եւ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն հայ թէ թուրք հասարակութեան փոխանցել եղելութեան իսկական ու ամբողջական պատկերը:

Կէսօրէ ետք ժամը 5-ին, սեմինարը փակուեցաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստի խօսքով: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց սեմինարի մասնակից վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն, որոնք գործակցութեան բարձր ոգիով եւ սեմինարի կաեւորութենէն առաջնորդուելով քաջալեր հանդիսացան աշակերտական խմբակի այս օգտաշատ եւ շահեկան նախաձեռնութեան:

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ