Շաբաթ, 14 Յուլիս 2007 - «Գ. Հարպոյեան» Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս

     
 
                                                                          Պէյրութ, Լիբանան

«Գէորգ Հարպոյեան» Հայ Կաթողիկէ Երկրորդական Վարժարանի շրջանաւարտներու վկայականաց յանձնումի հանդիսութեան, Վարժարանի
 
Քսանամեակի նշումին եւ Տնօրէնուհի Տիկին Զուարթ Նաճարեանի Սբ. Մեսրոպ Մաշտոց Պատիարքական Շքանշանով պարգեւատրումի արարողութեան  առիթներով, Կիրակի, 8 Յուլիս 2007, երեկոյեան ժամը 6.00էն սկսեալ որքան հանդիսաւոր, նոյնքան տօնական մթնոլորտ կը տիրէր Սբ. Խաչ Եկեղեցւոյ համալիրէն ներս: Երեք հանդիսութիւնները կը վայելէին Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին բարձր հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը: Հանդիսութեանց ներկայ էին նաեւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ն.Վ. Վահան Տէր Ղեւոնդեան, Հայ Կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու Խորհուրդի նախագահ Արհի. Հ. Վարդան Եպիսկ. Աշգարեան,  Զմմառու Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Վանքի Ընդհանուր Մեծաւոր Գերյ.Հ.Գէորգ Թ.Ծ.Վ. Եղիայեան, Սբ.Խաչ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետ Հ.Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեան, հոգեւորականներ, Ան. Յղ. Միաբանութեան Քոյրեր, Հայ Կաթողիկէ Վարժարաններու տնօրէններ, միութիւններու եւ մամուլի ներկայացուցիչներ, ուսուցիչներ եւ մեծ թիւով հրաւիրեալներ:

 
Ժամը 18.30-ին, «Պետողլեան Սրահ»ին մէջ նախ տեղի ունեցան Վարժարանի Շրջանաւարտից Վկայականներու յանձնումի եւ Քսանամեակի
 
հանդիսութիւնները: Նախքան վկայականներու յանձնումը արտասանած խօսքին մէջ Տիկին Նաճարեան ըսաւ թէ Վարժարանին տնօրէնի պաշտօնը ստանձնելէն ինը տարիներ ետք յուզումով հրաժեշտ պիտի տայ իրեն այնքան սիրելի դարձած Վարժարանին, անոր «նոր թափ ու որակ տալու իր առաջադրանքը հնարաւորին չափ իրագործած ըլլալու հոգեկան բաւարարութեամբ:  Ան ապա  ներկայացուց  Վարժարանին՝ իր պաշտօնավարութեան ինը տարիներուն ընթացքին արձանագրած յառացընթացին վկայութիւնները եւ յայտնեց այն համոզնումը որ իր յաջորդը՝ Տիկին Ռիթա Պօյաճեան իր երիտասարդական կորովով նոր թափ պիտի տայ այդ յառաջընթացին:  Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն անհատներուն եւ միութիւններուն որոնք իրենց բարոյական եւ նիւթական աջակցութեամբ նպաստեցին Վարժարանի զարգացումին: Այս առթիւ, Վարժարանին  Օժանդակ Մարմնի ատենապետուհին ծնողներուն անունով երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան  յուշատախտակ մը յանձնեց Տնօրէնուհիին եւ ինքնաբուխ սրտի խօսքով մը հանդէս եկաւ Մխիթարեան Վարժարանի տնօրէն Գերպ.Հ. Յովսէփ Թօփալեան: Ան վեր առաւ Տիկին Նաճարեանին արժանիքները իբրեւ տնօրէն, մանկավարժ եւ դաստիարակ:

 
 
Վկայականներու բաշխման եւ Վարժարանի Քսանամեակի հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ Տիկին Զուարթ Նաճարեանի «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով պարգեւատրումը:

 Մեծարեալին կենսա•րութիւնը ներկայացուց Գէորգ Հարպոյեան Վարժարանի առաջին շրջանաւարտներէն Արամ Գարատաղլեան:
 
 


Ապա, Գերպ. Հ. Ղեւոնդ Վրդ. Քենտիրճեան կարդաց Տիկ. Նաճարեանի «Սբ.Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով պարգեւատրումի Հայրապետական Կոնդակը,  զոր ներկաները ունկնդրեցին յոտնկայս:

Հայրապետական Կոնդակի ընթերցումէն ետք, ներկաներու յոտնկայս եւ երկարատեւ ծափահարութիւններուն ներքեւ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Տիկին Զուարթ Նաճարեանին վիզէն կախեց «Սբ.Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանը:
 
Պարգեւատրումի արարողութենէն ետք, Տիկին Նաճարեան եւ շրջանաւարտները ներկաներուն շնորհաւորութիւնները ընդունեցին վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցած շքեղ ընդունելութեան մը ընթացքին:
           


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ