Չորեքշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2007 - Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի Անուան Տօնը եւ Համանուն Հիւանդանոցի Հիմնարկութեան 170րդ Ամեակը

 

 
Պոլիս, Թուրքիա

Նախագահութեամբ Արհի. Յովհաննէս Արք. Չոլաքեանի՝ Վիճակաւոր Կաթողիկէ Հայոց Թուրքիոյ, Կիրակի 16 Դեկտեմբեր 2007ին առաւօտեան ժամը 11:30ին, Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի անուան տօնին եւ համանուն հիւանդանոցի 170րդ տարեդարձին առթիւ, մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ Սագըզաղաճի Աթոռանիստ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Պատարագը մատուցեց Արհի. Գէորգ Արք. Խազումեան իսկ երգեցողութիւնը կատարեց թեմակ ան երգչախումբը ղեկաւարութեամբ Լեւոն Էրոյեանի:

Պատարագի աւարտին հանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ հիւանդանոցի բարերար՝ Ազարեան, Կէօզէեան, Ալլահվէրտի, Տաւութեան, Պիլէզիկճեան, Փափազեան, Կիւլպէնկեան, Աղաճանեան, Փէքմէզեան գերդաստաններու ննջեցեալ հոգիներուն յիշատակին: 

 

 

 

 

 

3



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ