Երկուշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2012 - Գերյ. հայր Գէորգ ծ.վ. Եղիայեանի ժողովրդապետի հովուական պաշտօնին անուանումին առիթով սուրբ Պատարագ

 

Պէյրութ

Կիրակի, 16 դեկտեմբեր 2012, առաւօտեան ժամը 11-ին, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ գերյ. հայր Գէորգ ծ.վ. Եղիայեանի ժողովրդապետի հովուական պաշտօնին անուանումին առիթով, Պէյրութի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - Սուրբ Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Սուրբ Պատարագը մատոյց նորանշանակ ժողովրդապետ հայրը, մասնակցութեամբ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան։

Յաւարտ սուրբ Պատարագին, շնորհաւորութիւններն ու հիւրասիրութիւնը տեղի ունեցան եկեղեցւոյ սրահին մէջ։  


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ