Երեքշաբթի, 1 Ապրիլ 2014 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հանդիպում ունեցաւ պապական նուիրակին հետ


Սուրիա-Թուրքիա սահմանի թրքական կողմէն ներխուժած զինեալ խմբաւորումներու կողմէ Քեսապի վրայ կատարուած յարձակումին հետեւանքով  Քեսապի մէջ ստեղծուած կացութեան շուրջ հաստատած շփումներու շրջագիծէն ներս, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ երկուշաբթի կէսօրին պապական նուիրակութեան Հարիսայի նստավայրին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Պապական Նուիրակ Կապրիելլէ Քաչչիա եպիսկոպոսին հետ, որուն յետադարձ ակնարկով մը ներկայացուց հայաւանին ստեղծման պարագաները։ Խօսակցութիւնը այնուհետեւ շօշափեց Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները ընդհանրապէս եւ քեսապահայութեան վիճակը մասնաւորաբար։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Պապական Նուիրակին տեղեկացուց Քեսապի մէջ ստեղծուած կացութեան  եւ ասոր հետեւանքով Լաթաքիա ապաստանած քեսապահայութեան ծանրակշիռ վիճակի մասին, նշելով որ Քեսապի հարցը արծարծուած է  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին եւ նախագահ Պարագ Օպամայի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շեշտեց Լաթաքիա ապաստանած Քեսապահայութեան մարդասիրական անմիջական օգնութիւն ցուցաբերելու եւ անոր իր բնօրրանը անվտանգ վերադարձը երաշխաւորելու անհրաժեշտութիւնը՝ խնդրելով այս մասին տեղեկագրել Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան։

ԿԱՐԴԻՆԱԼ ՍԱՆՏՐԻ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՔԵՍԱՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Քեսապի վրայ կատարուած յարձակումին եւ քեսապահայութեան տեղահանութեան մասին տեղեկանալով, Վատիկանի Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի նախագահ Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի 26 Մարտին, Հռոմէն,  ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ հեռաձայնային կապով իր զօրակցութիւնը յայտնեց Քեսապի տեղահանուած հայ ժողովուրդին եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան։ Ան միաժամանակ փոխանցեց Սրբազան Քահանայապետին զօրակցութեան զգացումները եւ ապահովցուց Սրբազան Պապին եւ իր աղօթքները տառապահար հայ ժողովուրդին։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Կարդինալին տեղեկացուց թէ Քեսապի կաթողիկէ, առաքելական եւ աւետարանական աղօթավայրերը գրաւուած են Թուրքիայէն ներխուժած զինեալ խմբակներուն կողմէ, եւ ապա ներկայացուց տեղահանուած քեսապահայութեան տառապալի վիճակը եւ տեղեկացուց այն աշխատանքներու մասին որոնք կը տարուին հայկական եկեղեցական եւ ընկերային կառոյցներուն կողմէ, օգնութեան հասնելու համար աղիտահար ժողովուրդին։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր կարգին տեղեկացաւ թէ Սուրիոյ քրիստոնեայ ժողովուրդին օժանդակութիւններու շրջագիծէն ներս, վատիկանեան բարեսիրական կազմակերպութիւնները Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին միջոցաւ պիտի զօրակցին նաեւ Քեսապի ազգաբնակչութեան։


Պէյրութ, 1 ապրիլ 2014

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ