Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2013 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ գահակալութեան 14րդ տարեդարձ

Պէյրութ

Հինգշաբթի, 24 հոկտեմբեր 2013, առաւօտեան ժամը 11.30-ին, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ գահակալութեան 14րդ տարեդարձին առթիւ կարկանդակի բեկանում պատրիարքարանի աշխատակազմի կազմակերպութեամբ:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը խօսք առնելով շեշտեց Պատրիարքարանէն ներս ապրուած ընտանեկան մթնոլորտին մասին, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ծառայութիւններուն համար, որ սիրով կը կատարուին պատրիարքարանէն ներս:

Շնորհաւորութիւններու եւ բարեմաղթութիւններու կողքին, ներկաները այս առիթով երգեցին հետեւեալ հայրապետական մաղթանքը.
«Ամէն հայի սրտից բխած,
Լսիր այս ձայն, ով Աստուած.
Երկար կեանք տուր Հայրապետին,
Երկար օրեր Սիրելի Հօր.
Տէր, անսասան պահիր դու միշտ
Տան Կիլիկիոյ այս Աթոռ»։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ