Երկուշաբթի, 28 Մարտ 2011 - Աշխատանքային հանդիպում armeniancatholic.org կայքէջին համար

 

Պէյրութ

Այսօր առաւօտեան, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի հաղորդամիջոցներու գրասենեակին մէջ աշխատանքային հանդիպում մը տեղի ունեցաւ գերապայծառ հայր Ռափայէլ Մինասեանի, հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի եւ Սամուէլ Տեմիրճիանի միջեւ, armeniancatholic.org կայքէջին հիմնական այժմէականացման եւ արդիականացման համար:

Հիմնական կարեւորութիւնը տրուեցաւ կայքէջս որպէս հաստատութեան մը բանբերը եւ պատկերը նկատելուն եւ առ այդ հաստատութեան համապատասխան գործ տարուելու կարեւորութեան: Ապա նաեւ խօսուեցաւ համացանցային յայտագիրներու նորութիւններու  մասին, որոնց հետ քայլ  պահելը անհրաժեշտ է:

Գերապայծառ հայր Ռափայէլ Մինասեանի ներկայութենէն օգտուելով  հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան արծարծեց նաեւ նորութիւնները եւ հարցերը, որ կը դիմագրաւէ ընդհանուր հաղորդամիջոցներու կեդրոնը, ապա նաեւ պարզեց ապագայի ծրագիրները:

Խօսուեցաւ նաեւ կարդինալ Աղաճանեանին կիսանդրիին մասին, որ պիտի զետեղուի մայիսին, Իտալիոյ ծերակոյտի սրահներէն մէկուն մէջ: Այս նիւթով Future TV-ի հայկական լուրերու բաժինը եւ Վանայ ձայնը հանդիպում մը ունեցան գերապայծառին հետ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ