Հինգշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2011 - «Կռունկ» երգչախումբի Սուրբ Ծննդեան համերգ


Պէյրութ

Հովանաւորութեամբ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքի եւ կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, դեկտեմբեր 18-ին, հայ կաթողիկէ «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սուրբ Ծննդեան համերգ` կատարողութեամբ հայ կաթողիկէ «Կռունկ» միացեալ երգչախումբին:
Երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ խմբավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի՝ տարբեր լեզուներով ներկայացուց սուրբ Ծնունդի հոգեւոր երգեր եւ շարականներ, որոնցմէ կարելի է նշել «Այսօր տօն է Ծննդեան», «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի», «Քրիստոս ծնաւ», «Աւետիք»: Երգչախումբը նաեւ երգեց իտալերէն, արաբերէն, անգլերէն, Ֆրանսերէն եւ չինարէն տօնական երգեր:
Յայտագիրի վերջին բաժինով երգչախումբին միացաւ «Կռունկ» երիտասարդաց երգչախումբը. անոնք միասնաբար երգեցին երեք երգեր: Երգչախումբը արժանացաւ ներկաներու գնահատանքին:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ