Ուրբաթ, 17 Յունուար 2014 - Դեսպան Մինասեանը մասնակցեցաւ Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագէտներու ընդունելութեան

Վատիկան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի գրասենեակը կը տեղեկացնէ որ Յունուարի 13-ին,  Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած  դիւանագէտներուն հետ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի տարեսկիզբի աւանդական  ընդունելութեան մասնակցած  եւ Պապին հետ կարճատեւ զրոյց մը ունեցած է նաեւ  Սուրբ Աթոռին մօտ լիազօրագրուած Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Միքայէլ Մինասեանը։ Զրոյցի ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետը իր ջերմ ողջոյնները փոխանցած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, ինչպէս նաեւ իր օրհնութիւնը՝ Հայ Ժողովուրդին։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ