Հինգշաբթի, 8 Յունուար 2009 - Հայրապետական Պատգամ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առթիւ

Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Երեքշաբթի 6 Յունուար 2009-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը նախագահեց Ս. Պատարագը Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ եւ այս առթիւ փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.

«Մենք անոր աստղը տեսանք արեւելք եւ եկած ենք իրեն երկրպագութիւն ընելու»
(Մտթ. 2,2)

Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Այսօր ուրախութեամբ կը տօնենք Յիսուս Քրիստոսի Աստուածայայտնութիւնը, այսինքն՝ Յիսուսի յայտնութիւնը բոլոր ժողովուրդներուն, ներկայացուած մոգերով, որոնք Արեւելքէն եկած են Հրեաներու Թագաւորին յարգանք եւ մեծարանք մատուցանելու համար:
Այս խորհրդաւոր անձնաւորութիւնները՝ մոգերը, խուզարկելով երկնքի երեւոյթները, նշմարեցին նոր աստղ մը եւ հասկցան թէ ան նշանն է Հրեաներու թագաւորին, այսինքն փրկիչ Մեսիային ծնունդին: Յիսուս, աստղի առաջին երեւումէն իսկ, իրեն կը քաշէ մարդիկ, որոնք Աստուծմէ սիրուած են: Այն ժամանակ՝ մոգերն էին, յետագային՝ պիտի ըլլան ամէն ազգէ, լեզուէ եւ մշակոյթէ մարդիկ: Ս. Հոգիին ոյժն է որ կը շարժէ այս մարդոց սիրտն ու միտքը եւ զանոնք կ’առաջնորդէ փնտռելու համար ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը եւ խաղաղութիւնը: Միթէ ասիկա չեղա՞ւ Հայ Ժողովուրդին վիճակը եւ անոր յարումը Ս. Աւետարանին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի քարոզութեամբ: Արդե՞օք ասիկա յայտնի փաստ մը չէ Աստուծոյ սիրոյն Հայ Ազգին հանդէպ:
Մոգերը կը փնտռէին ճշմարտութիւնը. կը փնտռէին նաեւ անձ մը, որուն ապաւինէին: Իրենց փափաքները իրականացան երբ գտան Մանուկ Յիսուսը Բեթղեհէմի քարայրին մէջ: Ամէն մարդ կը փնտռէ ապաւէն մը եւ լոյս մը, որովհետեւ կ’ուզէ շարժիլ ապահով քայլերով եւ առաջնորդուիլ դէպի ուղիղ ճամբան: Բայց արդեօք ո՞ր աստղին պիտի հետեւի, միթէ շիտ՞ակ աստղին՝ մոգերու նման:
Աւետարանը կ’ըսէ . «Աստղը զոր տեսած էին արեւելք ու կ’առաջնորդէր անոնց, եկաւ, կեցաւ այն տան վերեւ՝ ուր կը գտնուէր մանուկը» (Մտթ. 2,9): Հոս վերջ կը գտնէ այս աստղին պաշտօնը, բայց անոր հոգեւոր լոյսը միշտ ներկայ է Ս. Աւետարանի խօսքերուն մէջ, եւ ան կարող է այսօր իսկ Յիսուսին առաջնորդել ամէն մարդու: Արդարեւ, Աստուծոյ խօսքը արձագանք կը գտնէ ամէն անձին մօտ, երբ ան ուղղամիտ է եւ լաւ տրամադրուած ըլլայ: Եկեղեցին կը կատարէ այսօր աստղին դերը մարդկութեան հանդէպ եւ լաւ է անոր ցուցմունքներուն հետեւիլ ձեր նպատակին հասնելու համար: Կարելի է նաեւ նոյնը ըսել իւրաքանչիւր քրիստոնեային մասին, թէ ան լուսաւոր աստղ մը պէտք է ըլլայ քանի Յիսուսը կը կրէ իր սրտին մէջ: Թէ իր վարուելակերպով եւ իր կեանքի բարի օրինակով ան կրնայ լուսաւորել իր ընկերներուն ճամբան եւ անոնց ապրելակերպը ուղղել:
Որքա՜ն կարեւոր է ուրեմն որ մենք՝ քրիստոնեաներս, խօսքով բայց մանաւանդ գործով հաւատարիմ մնանք մեր հաւատքին եւ մեր առաջնորդի կոչումին: Իւրաքանչիւր հաւատացեալ մարդ կամ կին կը կրէ իր մէջը յատուկ լոյս մը, որ կրնայ մոգերու աստղի նման առաջնորդել ամէն անձին որ իրեն կը մօտենայ: Եւ ո՞վ գիտէ, թերեւս այդ անձը Քրիստոսի ճամբան կը փնտռէ եւ զայն կը գտնէ քու բարութեանդ մէջ կամ քու արդար կեցուածքին միջոցաւ:
Ասկէ յայտնի կ’ըլլայ թէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կոչուած է դառնալու աստղ եւ լոյս ուրիշներուն համար: Ինչ մ՜եծ պատիւ, բայց նաեւ ինչ մ՜եծ պատասխանատուութիւն: Դուն կրնաս, հարազատ քրիստոնեաներուն պէս, առաջնորդ ըլլալ ուրիշներուն, անոնց ցուցնելով քու ապրելակերպովդ՝ որ դուն Աստուծոյ վրայ դրած ես քու վստահութիւնդ եւ ոչ մարդոց կամ դրամին վրայ, որ դուն լուրջի առած ես Ս. Աւետարանի բոլոր խօսքերը սուրբերու նման եւ կը ջանաս զանոնք գործադրել: Այսինքն՝ ժամանակ կը տրամադրես աղօթքի եւ կարօտեալներու օգնութեան, կը ներես քեզի վնաս հասցնողներուն, միւսները չես դատեր եւ սուտ չես խօսիր, քու անձնական փառքդ չես փնտռեր, այլ Աստուծոյ կը վերագրես բարիքը զոր կը կատարես: Եւ ամէն բարի գործ ընելէ ետք՝ քաջութիւնը կ’ունենաս անկեղծ խոնարհութեամբ ըսելու՝ ես անպիտան ծառայ եմ, ըրի ինչ որ պարտական էի ընել (տես Ղկ. 17,10), ինչպէս Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ: Այն ժամանակ, դուն լուսաւոր աստղ մը կը դառնաս բոլոր անոնց համար որոնք քեզ կը դիտեն: Իսկ եթէ չընես՝ մարած ջահի կը նմանիս, որ ո՛չ ոք կը լուսաւորէ, եւ օգտակար չես ըլլար ո՛չ ընտանիքիդ, ո՛չ համայնքիդ եւ ո՛չ ալ Եկեղեցւոյ:
Մեր միտքը կու գայ հետեւեալ հարցումը՝ երբ մենք շրջապատուած ենք այ՜նքան բարի վկաներով, ին՞չպէս կ’ըլլայ թէ կան մարդիկ որոնք տակաւին չեն հաւատար: Պահ մը մտածեցէ՛ք. աստղը որ երեւցաւ երկինք, բոլորին համար չերեւցաւ արդե՞օք, եւ սակայն միայն մոգերը, այսինքն ճշմարտութիւն փնտռողները, զայն նշմարեցին եւ անոր հետեւեցան ու պատրաստ եղան քաջաբար ահագին զոհողութիւններ յանձն առնելու՝ անապահով ճամբորդութիւն, տուն եւ հանգիստ ձգելով, օտար աշխարհ երթալով՝ իրենց նպատակին հասնելու համար, իսկ միւս մարդիկը՝  ո՛չ:
Նոյնպէս, Յիսուս աշխարհ եկաւ բոլոր մարդոց փրկութեան համար եւ սակայն բոլորը զինք չընդունեցան: Բայց գտնուեցան մարդիկ որ ընդունեցան զինք եւ հաւատացին իրեն, կ’ըսէ Աւետարանը. «Եկաւ իրեններուն, եւ իրենները զինք չընդունեցան: Իսկ անոնց՝ որոնք ընդունեցան զինք եւ հաւատացին իր անունին, տուաւ իշխանութիւն՝ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու» (Յովհ. 1, 11-12):
Աստուած միշտ հաւատարիմ է իր խոստումներուն եւ միշտ պատրաստ է մարդուն օգնելու, բայց մարդն է որ անհաւատարիմ կ’ըլլայ իր կոչումին: Աստուծոյ հաւատարմութիւնը խորհուրդ մըն է, որ միշտ նոր յոյս կը ներշնչէ մեզի, ինչպէս նաեւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն: Մինչ մարդիկ՝ իրենց անհաւատարմութեամբ, կռիւ եւ բաժանումներ կը ստեղծեն՝ եսասիրութեան, ամբարտաւանութեան եւ այլ մեղքերու պատճառով: Ինչ որ ալ ըլլայ, Եկեղեցին կ’ապահովցնէ Աստուծոյ հաւատարմութիւնը եւ օրհնութիւնը համայն մարդկութեան համար, նոյնիսկ երբ տակաւին խաւարը կը ծածկէ կարգ մը մարդոց աչքերը՝ տարածուած սխալ սկզբունքներու եւ գաղափարներու պատճառով, ինչպէս վրէժխնդրութիւնը, բռնութիւնը, դրամասիրութիւնը եւ փառասիրութիւնը: Ասոնք դժուար կը դարձնեն գործը կառուցանելու համար արդար եւ համերաշխ աշխարհ մը, որուն ամէնքս կը ձգտինք:
Սիրելիներ, զօրաւոր յոյսի պէտք ունինք լաւատես ըլլալու համար եւ այս յոյսը մեզի կը պարգեւէ Մարդացեալ Աստուածը՝ Յիսուս: Կարիք ունինք մարդոց, որոնք կը հաւատան այս յոյսին եւ ունին քաջութիւնը՝ նման Մոգերու, որոնք երկար եւ դժուար ճամբորդութեան մը ձեռնարկեցին հետեւելով եզակի աստղի մը, եւ ծունկի եկան Մանուկ Յիսուսին առջեւ եւ իրեն նուիրեցին խորհրդանշանական եւ յարգի պարգեւներ: Ամէնքս պէտք ունինք նման քաջութեան՝ հիմնուած հաստատուն յոյսի վրայ խիզախ որոշումներ առնելու համար: Զայն խնդրե՛նք Ս. Կոյս Մարիամէն, որ մեզի կ’ընկերանայ իր մայրական պաշտպանութեամբը եւ գուրգուրանքովը մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին. Ամէն:  


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ