Երեքշաբթի, 29 Յուլիս 2014 - Սարկաւագական ձեռնադրութիւն Խաչիկ Գույումճեանի
Պէյրութ

Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Կիրակի, 27 յուլիս 2014, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Պէյրութի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ  կատարեց Խաչիկ կիս. Գույումճեանի սարկաւագական ձեռնադրութիւնը առընթերակայութեամբ հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեանի եւ տէր Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեանի:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ սարկաւագին յատկութիւններուն Եկեղեցւոյ դասին մէջ: Ան այս առիթով յիշեց ներկայիս Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու կրած հալածանքներն ու մեծ դժուարութիւնները, աղօթելով առ Աստուած, որ տարածաշրջանի բուռն խռովութիւնները դադրին, եւվերջապէս խաղաղութիւն ու համերաշխութիւն տիրէ Միջին Արեւելքի տառապեալ երկիրներուն մէջ:

Յաւարտ սուրբ Պատարագին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ Խաչիկ սարկաւագն ու ընտանիքը ընդունեցին շնորհաւորութիւնները եկեղեցւոյ սրահին մէջ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ