Հռոմ
Հինգշաբթի, 20 յունուար 2011-ին, երեկոյեան ժամը 5.30-ին՝ Հռոմի սուրբ Նիկողայոսի անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ, ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս-Պատրիրարքի նախագահութեամբ տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան սուրբ Պատարագ, ի յիշատակ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան վաստակաւոր կաթողիկոս-պատրիարքին (20/01/1927- 16/01/2011)։
Սուրբ Պատարագին եւ հոգեհանգստեան պաշտօնին ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի՝ նախագահը Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովին, ինչպէս նաեւ հայ ու իտալացի եկեղեցականներ, եւ հրաւիրուած են համայնքի հաւատացեալները։