Ուրբաթ, 31 Յունուար 2014 - Կաթողիկէ եւ հին արեւելեան ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ միջազգային համաժողով
Հնդկաստան

28 յունուար 2014-ին, Հնդկաստանի «Կերալա» քաղաքին մէջ սկսաւ կաթողիկէ եւ հին արեւելեան ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ պաշտօնական աստուածաբանական երկխօսութեան միացեալ միջազգային համաժողովը, որ կ'ընթանայ մինչեւ կիրակի 2 փետրուար 2014:

Հինգօրեայ համաժողովին պիտի քննարկուին սկզբնական Եկեղեցւոյ պատարագներու եւ ուխտագնացութիւններու աւանդութեանց վերաբերող թեմաներ: Միջեկեղեցական երկխօսութեան նպատակն է նաեւ ընդգծել պաշտամունքի եւ խորհուրդներու միջոցաւ հաղորդութեան բազմակողմանի դիմագիծը, եւ հաստատել Եկեղեցիներու պատասխանատուութիւնը իրագործելու համար այս նպատակը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ