Հինգշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2011 - Անուանումներ


Պէյրութ

Հինգշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2011, ըստ դիւան թիւ 269/11, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը անուանեց գերյարգելի հայր Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեան, Սուրբերու Դատերու Պատրիարքական Յանձնախումբի պատասխանատու։ Նամակին մէջ յիշուած է, որ «1915-ի Ցեղասպանութեան ոգեկոչման 100-ամեակի թուականը մօտենալով, Սուրբ Աթոռի կողմէ մեր նահատակներուն հռչակումի հարցը համայն Հայ Ազգին, եւ յատկապէս Մեր Նուիրապետութեան համար կենսական եւ հրատապ հարցերէն մին է։ Ասոր համար, այս նուիրական գործը աւելի արդիւնաբեր դարձնելու համար, կապ պահելու է մեր բոլոր Առաջնորդներուն եւ ժողովրդապետներուն հետ։ Կրնաս վստահ ըլլալ, սիրելի Գերյարգելի, որ Սուրբերու Դատերու հարցը Մեր ամբողջական հոգածութիւնը կը վայելէ, մանաւանդ մօտալուտ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի թուականին»։

Ինչպէս նաեւ, ըստ դիւան թիւ 267/2011, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը անուանեց հայր Միշէլ վրդ. Քայյալ (Հալէպի հայ կաթողիկէ թեմէն) դատախազ անդամ հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դատական ատեանին, այսօր՝ 8 դեկտեմբեր 2011-էն սկսեալ մինչեւ 31 մարտ 2013։

Դիւան
Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ