Երկուշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2012 - Օգնական ժողովրդապետի անուանում Պատրիարքական թեմէն ներս


Պէյրութ, 29 Սեպտեմբեր 2012

Դիւան թիւ 214/12

Արժանապատիւ Տէր Րաֆֆի Քահանայ Յովհաննէսեան,
Սոյն գրութեամբ քեզ կ'անուանենք «Սուրբ Գրիգոր - Սուրբ Եղիա» Աթոռանիստ Եկեղեցուոյ օգնական ժողովրդապետ 01 Հոկտեմբեր 2012էն սկսեալ, ունենալով իբր Աւագ ժողովրդապետ Գերյ. Հ. Գէորգ Ծ.Վ. Եղիայեան:
Մեր մաղթանքն է, որ պիտի կարենաս լիովին համագործակցիլ Աւագ ժողովրդապետին հետ եւ ժողովուրդը մօտեցնել Աստուծոյ սիրոյն եւ մեր ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն:
Մեծապէս կը գնահատեմ քու օրինակելի պատրաստակամութիւնդ եւ հոգիիդ խոնարհութիւնը, որ հաճելի պիտի ըլլան մեր Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի։

Հայրական օրհնութեամբ`
+ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ