Ուրբաթ, 19 Յունիս 2009 - «Քահանայական Տարի»ին քահանայապետական նամակը

 

 

«Քահանայական Տարի»ին քահանայապետական նամակը

 

 

Վատիկան

 

 

Երէկ 19 Յունիս 2009ին, Սրբազան Քահանայապետը սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ կատարուած երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին բացումը կատարեց «Քահանայական Տարի»ին, եւ ներկայացուց այս առթիւ գրած իր նամակը ուղղուած քահանաներուն եւ համայն քրիստոնեաներուն:

Սրբազան Քահանայապետին այս նամակը հայրական ազնիւ խօսք մըն է, որուն ընդմէջէն ան կ’արտայայտէ իր սէրը քահանաներուն հանդէպ եւ կը շեշտէ ըսելով թէ համայն Եկեղեցին կը սիրէ քահանաները:

Սուրբ Ժան Մարի Վիաննէի մահուան 150 ամեակը լաւագոյն առիթը կու տայ Սրբազան Քահանայապետին, որ այսօրուան քահանաներուն  ներկայացնէ Արսի ժողովրդապետին քահանայական եւ հովուական առաքինութիւնները, եւ դարձեալ շեշտէ թէ ամէնէն աւելի կեանքի վկայութիւնն է, որ կ’իմաստաւորէ ամէն տեսակի գործունէութիւն:

Սրբազան Քահանայապետը այս նամակով մօտ կը զգայ բոլոր քահանաներուն, մանաւանդ անոնց, որոնք զանազան դժուարութիւններու մէջ կը գտնուին, ըլլան անոնք անձնական կեանքի մակարդակով դժուարութիւններ, ըլլան արտաքին աշխարհէն՝ ընկերութենէն եկած դժուարութիւններ: Այս նամակին վերջաւորութեան ան շատ կարեւոր կը նկատէ նաեւ քահանայ¬եպիսկոպոս փոխ յարաբերութիւնը՝ հիմնուած հաղորդութեան եւ սիրոյ վրայ:

 

Կայքէջը պիտի հետեւի այս տարուան անցուդարձերուն, եւ մօտ օրէն պիտի ներկայացնէ քահանայապետին այս նամակը հայերէնով:  

 

Գրեցէ՛ք կայքէջին ձեր կարծիքներն ու փորձառութիւնները

այս տարուան մասին այս հասցէին՝

[email protected]


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ