Չորեքշաբթի, 25 Յունուար 2012 - Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող ֆրանսական օրինագիծի ընդունման ողջունող ձեռնարկ


Պուրճ Համմուտ

24 յունուարի առաւօտեան ժամը 10-ին, յունուար 23-ի երեկոյեան Ֆրանսայի Ծերակոյտի կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունման առթիւ, հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ հանդիսաւորութեամբ բարձրացուեցաւ Ֆրանսայի պետական դրօշը՝ պետական քայլերգի հնչիւններու ներքոյ։ Այնուհետեւ ներկայ աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ տեսչութեան անդամներու առջեւ խօսք առնելով, վարժարանի արտադասարանային ծրագիրներու պատասխանատու Կարինէ Թաշճեան ըսաւ, որ «Ծերակոյտի  մէջ օրինագիծի քուէարկութեան մասնակցած 237 քուէարկողներէն 127 կողմ եւ 86 դէմ ձայներու յարաբերութեամբ օրինագիծը ընդունուեցաւ»։ Հակառակ որ քուէարկութեան ընթացքին հնչած ելոյթներու շարքին եղան նաեւ դէմ ելոյթներ, սակայն «նոյնիսկ այդ դէմ ելոյթները չմերժեցին Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, որը ի դէպ Ֆրանսան ընդունած էր տակաւին 2001 թուականին»։ Յունուար 23-ի դէպքերուն մասին քանի մը տեղեկութիւն փոխանցելէ ետք, Կ. Թաշճեան խօսքը փոխանցեց վարժարանի երկրորդական բաժինի աշակերտուհի՝ Մարինէ Հալլաճեանին, որ ըսաւ. «Կարելի չէ արեւը ցեխով ծածկել։ Կարելի չէ իրականութիւնը քօղարկել։ Կարելի չէ արդարութեան դէմ լռութեան պատ հիւսել։ Ուշ կամ կանուխ, իրականութիւնը երեւան կ՛ելլէ, ճշմարտութիւնը կը բացայայտուի, եւ յանցաւորը կը դատապարտուի ու կը ստանայ իր արդար պատիժը»։ Այնուհետեւ շարունակելով իր խօսքը աշակերտուհին ըսաւ, որ «երէկ հայ ժողովուրդի եւ ֆրանսացիներուն համար յաղթանակի օր էր, արդարութիւնը ունեցաւ իր ըսելիքը… Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտողը օրէնքի հիման վրայ կը ստանայ իր արդար պատիժը»։ Իր խօսքի աւարտին, Մարինէ Հալլաճեան ըսաւ. «Մենք իբրեւ աշակերտներ, մեծապէս կը գնահատենք Ֆրանսայի Ծերակոյտին այս որոշումը եւ կը յայտնենք, որ ամբողջովին նեցուկ պիտի կանգնինք Ֆրանսային։ Այս յաղթանակը հայութեան պանծալի պատմութեան էջերուն մէջ ստեղծեց նոր էջ մը, փայլուն էջ մը, պանծալի էջ մը, որուն յաջորդող էջերը պէտք է զարդարուին աւելի մեծ յաղթանակներով, հայութեան դատին ամբողջական լուծումով եւ ճանաչումին ընդմէջէն Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցումով»։
Այնուհետեւ, Ֆրանսայէն ուղիղ կապով, Փարիզի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ, Հայր Գէորգ Վրդ. Ասատուրեան, իր վկայութիւնը փոխանցեց երէկուան դէպքերուն մասին։ Հայր Գէորգ Վրդ. Ասատուրեան նախեւառաջ շնորհաւորելով համայն հայութիւնը «երէկուան յաղթանակին համար», յատկապէս ըսաւ. «Պատմական յաղթանակ էր այս օրինագիծին ընդունումը։ Երէկ, երբ ֆրանսացի լրագրող մը ինծի մօտեցաւ եւ հարցուց, թէ ինչու այսքան հայեր եկած են այս հրապարակին վրայ՝ գոչելու եւ խօսելու։ Ըսի, պարոն նայիր այս մարդոց, ասոնք առտուընէ մինչեւ իրիկուն կ՛աշխատին, որպէսզի մեզի՝ հայերուս պատիւ եւ յաղթանակ բերեն։ Անոնք առտուընէ մինչեւ իրիկուն քաղաքէ-քաղաք, երկիրէ-երկիր կ՛երթան, քաղաքական գործիչներու եւ մեծ քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ խօսելու, որպէսզի մենք այսօրուան հասնինք», ապա շարունակելով իր վկայութիւնը վարդապետը ըսաւ,որ Ծերակոյտի շէնքին առջեւ, հրապարակի վրայ հաւաքուած բազմութեան մէջ կային «մամիկներ, պապիկներ, մանուկներ, որոնք եկած էին այս սենատի առջեւ իրենց ձայնը տալու։ Երբ մօտեցայ ծեր կնոջ մը եւ հարցուցի, թէ քանի տարեկան է, 87 պատասխանեց։ Իրեն ըսի, որքան ատեն որ մենք ձեզի պէս մամիկներ ունինք մենք պիտի չմեռնինք, եւ հայոց ազգը երբեք չի տկարանար եւ այդպէս ալ եղաւ։ Գիշերը, ժամը 11-ի ատենները, երբ ուրախ լուրը առինք, բոլորը պոռացին «յաղթեցի՜նք», «կեցցէ Ֆրանսան» եւ բոլորը երգեցին Մարսելիէզը, իսկ ֆրանսահայ յայտնի երգիչ Վիգէն Դարբինեան երգեց «Զարթիր Լաօ»ն բոլորս ալ ձայնակցեցինք իր հետ»։ Խօսքը ուղղելով մեսրոպեանցիներուն, ան ըսաւ. «Դուք մեծ եւ պզտիկ մեր ապագան էք, եւ սկսած այս գործին շարունակողները, մեր արդար դատը պաշտպանողները»։
Այնուհետեւ խօսքը տրուեցաւ հիւր-պատգամախօսին՝ «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանի տնօրէն՝ Աւօ Կիտանեանին, որ ըսաւ. «Այսօրուան Եւրոպայի հզօրագոյն երկիրներէն՝ Ֆրանսան իր բոլոր քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, առեւտրական շահերը վտանգելու գնով, որոշեց հայ ժողովուրդի իրաւունքի հաշուոյն արդարութիւն կայացնել։ Հայ ժողովուրդը եթէ չըլլար պարկեշտ եւ իր իրաւունքները քաջ գիտցող ու յարգող ժողովուրդ, այս օրինագիծը պիտի չընդունուէր»։
Դարձեալ Ֆրանսայէն ուղիղ կապով, իր վկայութիւնը փոխանցեց Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն՝ Պր. Հրաչ Վարժապետեան, որ ըսաւ. «Սիրելի մեսրոպեանցիներ, Լիբանանի հայութիւն, այս յաղթանակը ամբողջ հայութեան յաղթանակն էր։ ճիշդ է, որ ֆրանսահայութեան աշխատանքով եղաւ եւ Ֆրանսայի մէջ եղաւ, բայց մենք մէկ ազգ ենք, ուրեմն անիկա ազգի յաղթանակն էր։ Բոլորիս աշխատանքը պէտք է միացնենք, որպէսզի նմանօրինակ յաղթանակներ շարունակուին նաեւ այլ երկիրներու մէջ։ Այս յաղթանակը ամէնէն առաջ կ՛երթայ մեր անմեղ նահատակներուն, որովհետեւ այս յաղթանակը մեր 1.5 միլիոն նահատակներուն համար է, երկրորդ կ՛երթայ մեր բոլոր այն նահատակներուն, որոնք Հայ Դատի ճամբով իրենց կեանքը տուին Հայ Դատի արդար լուծումին համար, երրորդ՝ այն բոլոր երախտաւորներուն, որոնք Հայ Դատի համար աշխատանք տարին, բայց այսօր մեր մէջ չկան։ Քաղաքական բոլոր վերլուծումները եւ հաշիւները մէկդի դրած, իմ ամբողջ յոյսս եւ հաւատքս նոր սերունդի վրայ է, երիտասարդութեան, ուսանողութեան վրայ է։ Մենք պէտք ունինք զարգացած ուսանողութիւն, որովհետեւ այսօր պայքարը փոխադրուած է զարգացման դաշտ։ Մենք պէտք ունինք ձեզի պէս երիտասարդութեան, որովհետեւ Ֆրանսայի մէջ յաղթանակը հայկական պահանջատիրութեան գործընթացի մէկ մասնիկն է, եւ այս պայքարը դեռ երկար է։ Մեր վճռակամութեամբ եւ Ֆրանսայի նման արդար երկիրներու զօրակցութեամբ է, որ պիտի նորանոր յաղթանակներ ունենանք»։
Փակման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէն՝ Կրէկուար Գալուստ։ Ան ըսաւ. «Սիրելի աշակերտներ, ինչպէս պարոն Հրաչը քիչ առաջ ըսաւ, հայ ազգի ապագան դուք էք։ Դուք, վաղուան երիտասարդները, ձեր կարգին ձեր ապագա սերունդներուն ունիք փոխանցելիք պատգամ մը։ Մինչեւ այն ատեն, որ թուրքը, այսօրուան էրտողանները՝ հարազատ ժառանգորդները Աթաթուրքին, Ճեմալ փաշային, քօղարկուած քաղաքակիրթ բառին տակ կը պղծեն պատմական իրականութիւնը, մենք պիտի պայքարինք քաղաքակրթօրէն, զարգացման ճամբով, հասնելու արդարութեան վերջնական յաղթանակին։ Ասիկա մեր նահատակներուն կտակն է մեզի։ Մենք պատիւ ունեցող, քաղաքակիրթ ժողովուրդ ենք։ Մենք Վարդանի ժառանգորդներն ենք, վասն Քրիստոսի, վասն հայութեան, մէկ ձեռքին խաչ, միւսին՝ սուր պայքարած ենք ու պիտի պայքարինք մինչեւ վերջնական յաղթանակ։ Մենք՝ մեսրոպեանցիներս՝ մանկամսուրի աշակերտէն մինչեւ վարդապետ, տնօրէն կոչ կ՛ուղղենք լիբանանահայութեան. մենք պատրաստ ենք բոլորս միասնաբար ուղղուելու դէպի ֆրանսական դեսպանատուն, ըսելու միայն մէկ բան □Շնորհակալութիւն Ֆրանսային»։
Ձեռնարկի աւարտին, խօսք առնելով Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ՝ արհիապատիւ Տէր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան ըսաւ. «Յուզիչ է պահը։ Հնչեց ձայն մը, որ պաշտպանեց ոչ թէ թիւը, այլ որակը։ Այսօր շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ֆրանսայի բոլոր ժողովուրդին, իրենց իրապես քաջ քայլին համար։ Սակայն մեր ծարաւը դեռ չէ յագեցած։ Տակաւին կ՛ուզենք ազատ, անկախ Հայաստանը ամբողջական տեսնել, ուր պիտի հաւաքուինք բոլորս։ Մեր աղօթքները ապարդիւն չէին։ Աղօթեցինք եւ այսօր մասամբ ստացանք պատասխան։ Յուսանք, որ օր մըն ալ կը ստանանք մեր աղօթքներուն ամբողջական պատասխանը։ Հայ ազգը ապրող ազգ է, երբեք չի մեռնիր»։ Այնուհետեւ Տէրունական աղօթքով փակեց ձեռնարկը։
Վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր այս արարողութիւնը վարժարանի մեծ ընտանիքի երախտագիտութեան արտայայտութիւնն էր, ուղղուած Ֆրանսայի պետութեան՝ պատմական արդարութեան ընդունմանն ուղղուած անաչառ ջանքերուն, որ ուղղուած է ի պաշտպանութիւն ամբողջ աշխարհի մարդկութեան արժանապատուութեան։  Ֆրանսայի Ծերակոյտը անգամ մը եւս հաստատեց Ֆրանսայի արդարամտութիւնը եւ ազատատենչութիւնը։ Յունուար 23-ը դարձաւ պատմական անմոռանալի օր մը հայ ժողովուրդի եւ ամբողջ աշխարհի մարդկութեան համար։

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ
ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ