Չորեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2012 - Տէր Աւետիք վրդ Յովհաննէսեանի սուրբ Պատարագը Պուտաբեշդի հայ կաթողիկէներուն

 

Պէյրութ

Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ Տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան անցեալ հոկտեմբեր ամսոյն ընթացքին, Պուտաբեշդի հայ կաթողիկէ համայնքին սուրբ Պատարագ մատոյց: Մեր Պուտաբեշդի համայնքին առաջնորդն է տեղւոյն լատին արքեպիսկոպոս՝ կարդինալ Փեթեռ Էրտէօ։ Ըստ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ յայտարարութեան, որ կատարեց 17 նոյեմբեր 2012-ին քահանայից հանդիպումի օրուան ընթացքիՏէր Աւետիք մերթ ընդ մերթ պիտի այցելէ Հունգարիոյ կաթողիկէ համայնքին եւ պիտի պատարագէ տեղւոյն հայ կաթողիկէ մատուռին մէջ: 

Դիւան
Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ