Հինգշաբթի, 11 Յուլիս 2013 - Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի թուիթերեան կայքին հետեւողներուն թիւը գերազանցեց 7 միլիոնը

Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ընտրութենէն 117 օր ետք անոր թուիթերեան կայքէջին հետեւողներուն թիւը 8 յուլիս
2013-ին հասած էր 7.297,000ի։
Սրբազան Քահանայապետը կը հանդիսանայ թուիթերեան կայքի ամենաշատ հետեւորդ ունեցող հոգեւոր առաջնորդը, որ գերազանցած է Պուտիստ Կրօնապետ` Տալայ Լաման։
Սրբազան Քահանայապետը կը գտնուի համաշխարհային բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու առաւել հետեւորդներ ունեցողներու 90րդ հորիզոնականին վրայ։ Անոր կայքէջը կազմուած է 9 լեզուներէ ներառեալ Լատիներէնը:

Չորեքշաբթի 10 յուլիսին հրատարակած թուիթին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը գրէ`
«Եթէ կ՛ուզենք մօտէն հետեւիլ Քրիստոսի, չենք կրնար հանգստաւէտ ու անդորր կեանք մը ունենալ։ Հաւանաբար յանձնառու կեանք մը ըլլայ, սակայն լի է ուրախութեամբ»։
 

http://hy.radiovaticana.va/news/2013/07/10/%D6%86%D6%80%D5%A1%D5%B6%D5%B9%D5%AB%D5%BD%D5%AF%D5%B8%D5%BD_%D5%BD%D6%80%D5%A2%D5%A1%D5%A6%D5%A1%D5%B6_%D6%84%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%B6%D5%A1%D5%B5%D5%A1%D5%BA%D5%A5%D5%BF%D5%AB_%D5%A9%D5%B8%D6%82%D5%AB%D5%A9%D5%A5%D6%80%D5%A5%D5%A1%D5%B6_%D5%AF%D5%A1%D5%B5%D6%84%D5%AB_%D6%85%D5%A3%D5%BF%D5%A1%D5%BF%D5%A5%D6%80%D5%A5%D6%80%D5%B8%D6%82_%D5%A9%D5%AB%D6%82%D5%A8/arm-709114


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ