Երեքշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2013 - Փարոլին Եպիսկ. ստանձնեց Պետական Քարտուղարի իր պաշտօնը
Հռոմ

Կարդինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի հրաժարումէն ուղղիղ ամիս մը ետք,  Փիեթրօ Փարոլին եպիսկոպոսը 18 նոյեմբերի առաւօտեան ստանձնեց Վատիկանի Պետական Քարտուղարի իր պաշտօնը։ Այս փոխանցումի ուշացումին պատճառը եպիսկոպոսին ապաքինման շրջանն էր վիրաբուժական գործողութենէ մը ետք։
Փարոլին եպիսկոպոսը, որ իտալացի է, 2009-էն ի վեր կը վարէր Վենեզուելլայի մօտ Պապական Նուիրակի պաշտօնը։ Ան 16 Նոյեմբերին ժամանեց Վատիկան եւ հաստատուեցաւ Սուրբ Մարթա Տան մէջ, ուրկից կը գործէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Վատիկանի նորանշանակ պետական քարտուղարը, որ 58 տարեկան է, ամէնէն երիտասարդ պետական քարտուղարն է  Էօժենիօ Փաչելլիէն ի վեր (ապագայ Պիոս ԺԲ.ը) 1930-ին։ Ան մասնագէտ է կանոնական իրաւագիտութեան եւ մեծ փորձառութիւն ունի Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութենէն ներս։ Վենեզուելլայի մէջ պապական նուիրակ ըլլալէ առաջ, եղած է Վատիկանի  փոխ պետական քարտուղար եւ պատասխանատու՝ պետութեանց հետ յարաբերութիւններու  բաժանմունքին, այլ խօսքով՝ արտաքին գործոց նախարար։ Այս պաշտօնի շրջագիծէն ներս ան տարած է խաղաղասիրական աշխատանք՝ զբաղելով յատկապէս  Վիեթնամի, Չինաստանի եւ իսրայէլեան-պաղեստինեան հակամարտութեան փափուկ թղթածրարներով։

Կարդինալ Պերթոնէի հրաժարումէն ետք, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդգծած էր որ նորանշանակ պետական քարտուղարը «շատ լաւ ծանօթ է Պետական Քարտուղարութեան ընտանիքին, ուր  աշխատած է երկար տարիներ՝ սիրով, ձեռնհասութեամբ եւ  երկխօսելու կարողութեամբ մը եւ մարդկայնութեամբ մը՝ որոնք  իր յատկանիշերէն մէկն են։ Հետեւաբար, ան կերպով մը «տունդարձ» մըն է որ կը կատարէ»։

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ