Երկուշաբթի, 9 Փետրուար 2015 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ խօսքը Սուրբ Խաչ Հարպոյեան վարժարանին Դ. յարկի բացումին

 

Պէյրութ

 

 

«Արհիապատիւ Գերապայծառ Հայր Մանուէլ Եպս. Պաթագեան,

Մեծարգոյ պետական երեսփոխան՝ Մեթր Սերժ Թուրսարգիսեան,

Մեծարգոյ նախկին նախարարներ՝ Մեթր Ժագ Չուխատարեան եւ Մերթ Շահէ Պարսումեան

Գեր. Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեան, Տնօրէն Ս. Խաչ - Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի,

Մեծայարգ Պրն. Վարուժ Ներկիզեան,

Մեծայարգ հիւպատոս San Salvador-ի հանրապետութեան՝ Մեթր Սարգիս

Սէրայտարեան,

Մեծայարգ զօրավարներ՝ Ժան Թալուզեան եւ Նազարէթ Գաբրիէլեան

Գերյարգելի, Գերապատիւ եւ Արժանապատիւ հոգեւոր հայրեր,

Առաքինազարդ քոյրեր,

Կրթական հաստատութիւններու Տնօրէններ,

Ազնուափայլ տիկ. Ռիթա Պօյաճեան, Մեծաւորուհի Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի,

Հաղորդակցութեան միջոցներու ներկայացուցիչներ,

حضرة الأب بطرس عازار، الأمين العام للمدارس الكاثوليكية في لبنان الجزيل الإحترام

حضرة السيد ميشال عساف المرّ، رئيس بلدية الزلقا الجزيل الإحترام

Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Դպրոցը դաստիարակչական օճախ մըն է եւ ոչ միայն ուսումնառութեան եւ վկայական առնելու հաստատութիւն մը:

Դպրոցին պարտականութիւնն է նկարագիրը կերտել ամէն մանուկի եւ երիտասարդ-երիտասարդուհիի, որոնք իր դուռը կը զարնեն:

Նկարագրին կերտումը կը պահանջէ ժամանակ, համբերութիւն եւ մանաւանդ՝ այս պաշտօնին համար յատուկէն պատրաստուած դաստիարակներ: Նկատի ունենալու է, որ դաստիարակութեան գործը կոչում մըն է եւ ոչ միայն գիտութիւն, արհեստ կամ ապրուստի միջոց:

Դպրոցը կը շարունակէ աշակերտներուն մօտ ծնողներուն կողմէ աւանդած կրթական գործը, եւ երբեմն ալ կը փոխարինէ նաեւ զանոնք՝ նորահաս սերունդին պատասխանատուութեան ոգի ջամբելու, զայն ինքնաբաւ դարձնելու, եւ աւելին՝ յետագային կրօնական, քաղաքական եւ ազգային մարզէն ներս՝ անոնց գործօն դերակատարութիւն ունենալու իրենց ժամանակակից ընկերութեան մէջ:

Նկարագրի կազմաւորման կարեւորագոյն հիմերէն մին՝ հարազատ կերպով փոխանցումն է քրիստոնեայ սկզբունքներուն, որոնք կը սորվեցնեն դպրոցականին եղբայրսիրութեան եւ անձնուիրումի ոգին, որ կը նշանակէ՝ ունենալ գիտակցութիւնը եռանդով եւ զոհողութեան հոգիով ծառայութիւն մատուցանելու: Ուստի, ծուլութիւնը, նախանձը եւ անձնասիրութիւնը տեղ չունին լաւ դաստիարակուած եւ քրիստոնէական կրթութիւն ստացած երիտասարդ-երիտասարդուհիի միտքին ու սրտին մէջ:

Նկատի առած մեր հայկական ազգային դրոշմը, անհրաժեշտ է նաեւ լրացնել նորահաս սերունդին կազմաւորումը, անոր դասաւանդելով հայոց պատմութեան իրերայաջորդ հանգրուանները՝ իրենց դժուարութիւններով ու յաղթանակներով, ինչպէս նաեւ ծագումը հայկական մշակոյթին՝ շնորհիւ ռահվիրայ դաստիարակներուն՝ Հայրապետներուն, վանականներուն եւ կուաններուն մտաւորականներուն եւ հայկական մամուլին:

Սերունդներու դաստիարակութիւնը ազգային հրամայական մըն է, որ պէտք է կատարել խիզախ սրտով եւ աչալրջութեամբ՝ յաղթահարելու համար ժամանակի մարտահրաւէրները, մանաւանդ՝ այլասերման ծաւալուն վտանգը: Այսպիսի մարտահրաւէրին ակնարկելով, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Պապը կ'ըսէր «Այսօր, դաստիարակութեան գործը միշտ աւելի բարդ ու դժուար կը դառնայ: Խնդրոյ առարկայ են յատկապէս տարածուած միջավայրը, մտայնութիւնը եւ մշակոյթի նոր ձեւերը, որոնք մարդկային արժէքին եւ ճշմարտութեան մասին կասկած կը յարուցանեն». վերջ մէջբերումին:

Վերոյիշեալ պատճառները մեզ մղեցին մեր վարժարանները՝ յառաջիկայ տասնամեակ մեր գործունէութեան առաջնահերթութիւններէն մին դարձնել: Ասոր համար, այս տարի ձեռնարկեցինք Սուրբ Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանին զարկ տալ, կառուցանել եւ կահաւորել տալով վարժարանի շէնքին չորրորդ յարկը եւ տանիքը, նկատի առած սոյն վարժարանին յարաճուն յաջողութիւնները եւ աշակերտութեան թիւին տարեկան աճը:

Մեր այս առաջադրանքին արդիւնքն է այսօր՝ բացումը՝

- Դպրոցական նորակռոյց նոր յարկին,

- Արուեստից բաժնի Պէթէ Գ. դասարանին,

- Ուսումնական յատուկ կարիքներու կարօտ աշակերտներու բաժանմունքին,

- եւ վերջապէս՝ Ամերիկեան Ծրագրի նոր բաժանմունքին։

Իր այս ուսումնական չորս ճիւղերովը, չըսելու համար՝ չորս դպոցներովը, Սուրբ Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանը կու գայ ամբողջացնելու ու բաւարարելու աշակերտութեան ուսումնական-կրթական ժամանակակից այլազան պահանջները, եւ դառնալու լիբանանահայ յառաջապահ կրթօճախ մը։

Մեր մաղթանքն է, որ մեր հայ կաթողիկէ վարժարանները, եւ ի մասնաւորի՝ Սուրբ Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանը, իրենց կրթական առաքելութեան յարաճուն զարգացման զուգահեռ՝ յարաճո՛ւն կարեւորութեամբ շարունակեն նաեւ նորահաս սերունդներուն դաստիարակութիւնը՝ քրիստոնէական, ազգային եւ մարդկային այն արժէքներով, որոնք զիրենք պիտի առաջնորդեն դէպի յուսատու եւ փայլուն ապագայ մը:

Մեր այս մաղթանքին իրագործումը բնականաբար կը կարօտի նաե՛ւ ծնողաց գիտակից ու անվերապահ գործակցութեան: Մեր ակնկալութիւնն է, որ ծնողքը այսպիսի մօտեցում ցուցաբերեն հանդէպ կրթական այս օճախին, որ իրաւամբ կը նկատուի իրենց զաւակներուն երկրորդ ընտանիքը:

Վերոյիշեալ ձեռնարկները եւ յարաճուն յաջողութիւնները տեղի պիտի չունենային առանց Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին անխոնջ, անձնուրաց եւ ամբողջական նուիրումին ու անընկճելի կամքին ազնուափայլ Տիկին Ռիթա Պոյաճեանին:

Եւ վերջապէս, մենք երախտագիտութեամբ եւ օրհնութեամբ կ'ուզենք յիշատակել այն բարերարները, որոնք իրենց նպաստն ու աջակցութիւնը չեն զլանար ի խնդիր մեր կրթական ծրագիրներու յաջողութեամբ պսակումին: Յատուկ կերպով կ'ուզենք երախտագիտութեամբ յիշել Տիար Վարուժ Ներկիզեանը, որ մեծապէս օժանդակեց Ս. Խաչ Հարպոյեան Վարժարանի Դ. յարկին կառուցման գործին: Շնորհակալութիւն Ձեզի մեծայարգ Տիար Վարուժ Ներկիզեան:

Դէպի նորանոր նուաճումներ եւ յաջողութիւններ Աստուծոյ օրհնութեամբ»:

 

+ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ