Երկուշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2010 - Քեսապի ՀԿՄ մասնաճիւղի հրամանատարի փոխանցում


Քեսապ

Շաբաթ
, 4 դեկտեմբեր 2010, երեկոյեան ժամը 8-ին, տեղի ունեցաւ ՀԿՄ մասնաճիւղի հրամանատարի ընտրութիւն, ներկայութեամբ խորհուրդի ամբողջ կազմին, ընթացաւարտ հրամանատար՝ ընկերուհի Մարիէթ Նազարեանին եւ հոգեւոր վարիչ՝ հայր Գարեգին Քէօշկէրեանին։ Ժողովին ընտրուեցաւ մեծամասնութեամբ ընկերուհի Ռեբեկա Պէօճէքեանը, որուն ներկաները շնորհաւորեցին եւ բարեմաղթութիւններ կատարեցին։

Կիրակի 5 դեկտեմբեր 2010, յետ սուրբ Պատարագին, Քեսապի ՀԿՄ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ հրամանատարի փոխանցումը։ Ներկայ էին Քեսապի ՀԿՄ մասնաճիւղի բոլոր պատանիներն ու ջահակիրները։ Հոգեւոր վարիչը խօսք առնելով ուրախ լուրը յայտնեց ներկաներուն, նոր հրամանարաի ընտրութեան գծով եւ շնորհաւորեց բոլորը, մաղթելով որ բոլորը սիրեն իրենց միութիւնը եւ աշխատին անոր վերելքին համար։ Ինչպէս նաեւ խօսք առաւ նախկին ընկերուհի Մարիէթ Նազարեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին գործակցութեան համար անցնող երկու տարիներուն եւ շնորհաւորեց նոր հրամանատարը։ Իր կարգին, նորընտիր հրամանատար ընկերուհի Ռեբեկա Պէօճէքեան շնորհակալութեան խօսք մը արտասանեց իրեն վստահուած այս մեծ պատասխանատուութեան համար եւ կոչ ուղղեց ձեռք ձեռքի տալու որպէսզի ՀԿՄ-ը միշտ պատրաստ ըլլայ ծառայելու ազգին ու Եկեղեցւոյ։ Ջահակիր-պատանիներու շնորհաւորութենէն ետք, բոլորը միաբերան աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած եւ պահպանիչով հոգեւոր վարիչը օրհնեց բոլորը։ Արարողութիւնը վերջ գտաւ հիւրասիրութեամբ։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ