Չորեքշաբթի, 24 Հոկտեմբեր 2012 - Երուսաղէմի հայոց պատրիարք՝ Թորգոմ արք. Մանուկեանի յուղարկաւորութիւնը


Երուսաղէմ

Երկուշաբթի 22 հոկտեմբեր 2012, Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցաւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք հոգելոյս Թորգոմ արք. Մանուկեանի վերջին օծման ու թաղման կարգը:

Յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուեցան եկեղեցական ու քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ աշխարհի տարբեր երկիրներէն։ ինչպէս նաեւ արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Երուսաղէմի եւ Յորդանանի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ՝ գերպծ. Յովսէփ թ.ծ.վ. Քելէկեան։ Յուղարկաւորութեան կարդացուեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներու ուղերձները։  

Ըստ հայկական ծէսին, տեղի ունեցաւ հանգուցեալ պատրիարքին ճակատին եւ աջ բթամատին օծումը. որմէ ետք ալ մեծ թիւով հաւատացեալներ հետեւեցան յուղարկաւորութեան մինչեւ գերեզմանատուն, ուր ողբացեալ պատրիարքին մարմինը հողին յանձնուեցաւ։
Այս առթիւ տեղի ունեցաւ հոգեճաշ մը, որուն ընթացքին խօսք առին. պատրիարքին եղբայրը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք մօտ մնացին պատրիարքին իր հիւանդութեան ժամանակ, յատկապէս ֆրանչիսքեան հայրերուն, որոնց մօտ (հիւանդանոցին մէջ) խնամուեցաւ ան, իր կարգին ֆրանչիսքեան հայրերու մեծաւորը, արտայայտելէ ետք իր եղբայրական զգացումները ողբացեալին հանդէպ, վեր առաւ անոր արժանիքները:

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ