Երկուշաբթի, 10 Մայիս 2010 - Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի թեկնածուները այցելեցին Հոգեւոր Տիրոջ


Պէյրութ, Լիբանան

 

Շաբաթ
, 8 Մայիս 2010, առաւօտեան ժամը 9-ին, Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդին առաջադրուած թեկնածուները, որոնց շարքին էր Հայ Կաթողիկէ թեկնածուն՝ պրն. Սերժ Չուխատարեան, այցելեցին Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին։

Հանդիպման ընթացքին ներկաները անդրադարձան քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրապայքարի ընդհանուր կացութեան, ինչպէս նաեւ առաջարկուած խորհուրդը ներկայացուց մայրաքաղաքի քաղաքապետութեան նախատեսուած ծրագիրները եւ ակնկալութիւնները յաջորդ վեցամեայ նստաշրջանին համար։

Հանդիպման աւարտին, թեկնածուները խնդրեցին Հոգեւոր Տիրոջ հայրական օրհնութիւնը եւ գործակցութիւնը, որպէսզի յաջողութեամբ կատարեն իրենց պաշտօնը մայրաքաղաքի քաղաքապետական խորհուրդին մէջ։   


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ