Երկուշաբթի, 15 Փետրուար 2010 - Նախարար Գէորգի Պետրոսեան այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Պէյրութ, Լիբանան

 

Շաբաթ, 13 Փետրուար 2010-ի կէսօրին, Հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեանը, որուն կ՛ընկերակցէին նախարարի խորհրդական Արա Պուլուզեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան: Հանդիպումին ներկայ եղան նաեւ Լիբանանի թեմի պատրիարքական փոխանորդ հայր Վարդան եպս. Աշգարեան, «Մասիս»ի պատասխանատու խմբագիր հայր Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան եւ Սարգիս Նաճարեան։

Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցած սրտբաց խօսակցութիւնը շօշափեց ղարաբաղեան տագնապի լուծման գործընթացին առնչուած հարցեր։ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը պարզեց իրավիճակը եւ կարծիքներու փոխանակում տեղի ունեցաւ հաւանական զարգացումներու մասին։

Արծարծուեցան նաեւ հայ - թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին ծանօթ արձանագրութիւններուն հաւանական անդրադարձները։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ