Չորեքշաբթի, 28 Յունուար 2009 - Ամեն. Հոգեւոր Տէրը Շնորհակալական Նամակ մը Ստացաւ Անպա Անթոնիոս Նակիպէն

Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Սիրեցեալ Եղբայր,
Եղբայրական համբոյրով Ի Քրիստոս,
Ամենայն յարգանքով եւ սիրով,

Ամենայն շնորհակալութեամբ ստացայ Ձեր նամակը թուագրուած՝ 22/01/2009-ին, մասնակցելու համար աղօթքով եւ սիրոյ զգացումներով, հանգուցեալ հօր ու հովիւին՝ Վաստակաւոր Պատրիարք Կարդինալ Անպա ՍտեՖանոս Բ.ի թաղման պաշտօնին: 

Այո, ճշմարիտ է Ձեր խօսքը երբ կÿըսէք, որ Գերերջանիկ Տէրը յատուկ դրոշմ ձգեց Ղպտի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ: Ան մեզի թողուց մանաւանդ իր բարի սիրոյ, ծառայութեան, խոնարհութեան ու հաւատարմութեան օրինակը: Պիտի ձգտինք հետեւիլ իր քայլերուն:

Ղպտի Եկեղեցւոյ եւ իմ անունովս, հանգուցեալին ընտանիքին եւ Լազարիսթ միաբանութեան անունովը, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սինոհդոսի կղերին ու հաւատացեալներուն, ցաւակցութեան ու աղօթքներուն համար: Թող Աստուած պարգեւէ մեր Ամենապատիւ հանգուցեալին յաւիտենական հանգիստ եւ դասէ անմեղներուն ու սուրբերուն հետ:

Եղբայրական սիրով եւ աղօթքով,
խնդրելով Ձեր աղօթքները

Անպա Անթոնիոս Նակիպ
Աղեքսանդրիոյ Ղպտի
Կաթողիկէ Պատրիարք


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ