Չորեքշաբթի, 1 Ապրիլ 2015 - 11 ապրիլի երեկոյեան կը յայտարարուի «Գթութեան Յոբելենական տարին»

 

 

 

Վատիկան

Շաբաթ 11 ապրիլի երեկոյեան է, որ սրբազան քահանայապետը պիտի յայտարարէ «Գթութեան տարին», կը յայտնէ Սուրբ Աթոռի բանբերը: Հին սովորութեան համաձայն, յայտարարութեան կոնդակէն մասեր պիտի կարդացուին «Սուրբ Պետրոս»ի տաճարին մուտքին սուրբ դրան առջեւէն, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, որմէ ետք Ֆրանչիսկոս պապը պիտի հանդիսադրէ երեկոյեան ժամերգութեան: Յիշենք որ յոբելենական սուրբ տարին պիտի սկսի 8 դեկտեմբեր 2015-ին, այդ նոյն սուրբ դրան բացումով:

Նշենք նաեւ թէ միեւնոյն պահուն Նաբոլիի մէջ (Իտալիա) մեծաշուք արարողութեամբ մը պիտի մեծարուին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքները, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը խաչքար մը պիտի զետեղէ «Սուրբ Գրիգոր Հայ» (San Gregorio l'Armeno) եկեղեցւոյ առջեւ: 

Յաջորդ օրը՝ 12 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 9-ին սրբազան քահանայապետը պիտի նախագահէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած սուրբ Պատարագին, որուն աւարտին սուրբ Գրիգոր Նարեկացին պիտի յայտարարէ Վարդապետ տիեզերական Եկեղեցւոյ: Սրբազան պապին հետ պիտի համապատարագէ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը: Պատարագին պիտի մասնակցի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը եւ անոր շքախումբը, ինչպէս հաստատեց ՀՀ նախագահին մէկ գիրը ուղղուած Պատրիարքարան:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ