Ուրբաթ, 29 Օգոստոս 2014 - Նոր կայքէջ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ առաջնորդութեան
Պէյրութ

2014  օգոստոս 10-էն գործարկուեր է արդէն Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ առաջնորդութեան երկլեզու կայքէջը
http://armenianchurchco.com/:

Եկեղեցական այս կայքէջը կը ներկայացնէ թեմի պատմութիւնը, հայ կաթողիկէ եւ ընդհանրական կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցող կարեւոր իրադարձութիւնները, թեմի առաջնորդի հովուական թուղթերը, վերլուծական նիւթեր, քարոզներ, «Ձայն Խաղաղութեան» շաբաթական հաղորդաշարը՝ շաբթուան ամփոփ նորութիւններով, կիրակնօրեայ քարոզով, թեմի անցուդարձի մասին տեսանիւթերով: Կայքին մէջ կը տեղադրուին նաեւ տարաբնոյթ այլ հոգեւոր, հայագիտական եւ մշակութային նիւթեր: Կայքը տակաւին լրամշակման հանգրուանի մէջ է, կայքի անգլերէն թարգմանութիւնը պիտի կատարուի գալիք օրերուն:

Կայքս կը շնորհաւորէ այս յաջող ծրագիրը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ